Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2013 - Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին սեմին


Հայոց ցեղասպանութեան առաջին տասնամեակներէ, ամէն տարի ամէնուրէք, ըլլայ հայրենիքի, ըլլայ սփիւռքի զանազան կազմակերպութիւններու կալմէ եւ հայ եկեղեցւոյ գլխաւորութեամր պատշաճ հանդիսութեամր կը նշուի հայ ժողովուրդի պատմութեան այդ ամենամռայլ եւ ողբերգական էջը :

Տակաւին նոր մազապուրծ ջարդերէն ազատած եւ օտար ափերու վրայ օթեւան զտած հայ ժողովուրդը իր վերակենդանացման իղձին անսալով կը վերաշինէ իր բոյնը, կը կառուցէ եկեղեցին ու ապա վարժարանը ջանբելու նորանոր սերունդներու լեզուն, հաւատքն ու մշակոյթը :

Մարդասիրական հաստատութիւնները, որոնք օգնած ու պահած էին տարագրեալ հայ ժողովուրդը ըլլան անոնք մասնաւորաբար Միջին Արեւելք, կր փոխարինուին հայ կազմակերպութիւններով, որոնք մտահոգութիւնր օտար բարեգործական առաքելութիւններու զործը շարունակելէ աւելի կ’ըլլայ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մտաւոր կարիքը ապահովել:

1934 թուականին Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ առաջին անգամ կը կանգնուի Հայոց Ցեղասպաննութիւնը խորհրդանշող կոթողը : 1965-ին խորհրդային Հայաստանի մէջ կը կառուցուի Ծիծերնակաբերդի համալիրը, ուր երկնաձիգ աղօթքի նման կը կանգնուի Սեւ թուականի նուիրուած կոթողը ու անմառ կրակը, որ ցեղասպաննութեան յիշատակը վառ կը պահէ :

Հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ մեծ Կոտորածէն ու անոր զոհը գացող հայրենակիցներուն յիշատակը վառ պահելու համար համակերպեցաւ զիրենք ընդունող երկիրներուն մէջ եւ ապա շարունակեց բեղմնաւորել, իր մասնակցութիւնը բերել հոգեմտաւորապէս: Հայը քարէն հաց վաստակելու մտայնութեամբ, ինչպէս լուսահոգի Պօղոս Արիս վարդապետը յայտնած էր Մարոնի համայնքի հովուապետին, այդպէս ալ հայը գործեց իր արդար ճակտի քրտինքով եւ ապահովեց ապագայ սերունդներու գոյատեւումը:

Հայը չմեռաւ, այլ նահատակուեցաւ ու նահատակուածներու թափած անմեղ արեան շնորհիւ է, որ վերնճիւղեցաւ մեր ազգր եւ իր արժանապատիւ տեղը գրաւեց միջազգային հանրութեան մէջ : Ահա թէ ինչու յետ այսու անոնց հոգիներուն համար՝ միայն հոգեհանգստեան արարողութիւն չէ որ կը մատուցենք, այլ մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած հայցելով մէկ ու կէս միլիոն սուրբերու բարեխօսութիւնը:

Համաշխարհայնացման այս օրերուն, երբ ամէն բան նիւթականացած է եւ մարդու աշխարհարնկալումը՝ խաթարուած, անհրաժեշտ է քրիստոնեայ հայուն տալ ճիշդ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւն, որպէսզի ան չկորչի կեանքի այս խելահեղ յորձանքին մէջ եւ Ցեղասպաննութիւնը շարունակուի խաղաղ ու աննշմարելի ընթացքով:

Ապրիլ 24-ի սուգի առթիւ հայ ժողովուրդը ինքզինք պէտք է վերաքննէ, իր ինքնութիւնը վեըատեսէ, որպէսզի ինքնագիտակցութեամբ ապրի հայ իր նախնիքներուն ուղիով, հաւատքով ու արժանիքներով :

24 Ապրիլը մեզի համար սոսկ սուգի ու ողբի օր մը չէ այլեւս, այլ ապրելու եւ գոյատեւելու : Ան յաւերժութեան եւ յոյսի խորհրդանիշն է, որովհետեւ ոսոխը չկրցաւ իրագործել իր դժոխային ծրագիրը եւ չկրցաւ աշխարհի երեսէն բնաջնջել հայ ցեղն ու հայրենիքրը :

Համաշխարհայնացման այս օրերուն, երբ ամէն բան նիւթականացած է եւ մարդու աշխարհարընկալումը՝ խաթարուած, անհրաժեշտ է քրիստոնեայ հայուն տալ ճիշդ հայեցի ու քրիստոնէական հոզեմտաւոր դաստիարակութիւն, որպէսզի ան չկորչի կեանքի այս խելահեղ յորձանքէն:

Եկէք անսանք մեր բիւրաւոր նահատակներու կոչին որոնք կ'ըսեն մեզի սթալինեան հալածանքներու նահատակ Եղիշէ Չարենցի բերանով. «Ով հայ ժողովուրդ քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժին մէջ է» : Մեր միութեամբ կը յաղթահարենք ամէն խոչընդոտ, որ կը յայտնուի հայու ճակատագրին : Այս հաւատքով յաղթեցինք ղարաբաղեան գոյապայքարը, միութեամբ ու համերաշխութեամբ պիտի շարունակենք մեր պապերուն հաւաաքը կրօնին, յոյսը ապագային ու սէրը մէկս միւսին հանդէպ:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ