Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2010 - Հայաստանի սփիւռքի նախարարը այցելեց Հ.Կ. Մեսրոպեան վարժարան


Պէյրութ, Լիբանան

h3535
Կիրակի
, 28 Մարտ 2010-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին վարժարանս հիւր­ըն­կալեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարուհի, Տիկ. Հրա­նուշ Յակոբեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրահետութեան դեսպան պարոն Աշոտ Քոչարեանի, Հիւպատոս պարոն Աշոտ Վարդանեանի ինչպէս նաեւ դեսպանութեան  Ա. քարտուղար պարոն Վարդան Ատանեանի։ Տիկ. Յակոբեանը ընդունելու եկած էին վարժարանիս տես­չութ­եան անդամներ, ինչպէս նաեւ օժանդակ մարմիններու՝ Մեսրոպեանի Նախ­կին Սաներու Միութեան ատենապետ՝ բժիշկ Կոստան Եափուճեան, Ծնողա­կան Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Հիլտա Հալլաճեան եւ Ս. Մեսրոպի Արիներ սկաուտական խումբի ընդհանուր խմբապետ Սիմոն Պէօճէքեան։


Տիկ. Յակոբեան վարժարանիս կեդրոնը խոյացած, Ս. Մեսրոպի յուշար­ձա­նին առջեւ խոնարհուելով, ծաղկեկողով մը զետեղեց, այսպիսով իր յար­գան­քի տուրքը մատուցելով հայ դպրութեան հիմնադիրի յիշատակին։


Իր կարճ այցելութեան ընթացքին Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան տեղեկացաւ Մես­րոպեան վարժարանի պատմութեան եւ գործունէութեան հետ, ապա իր անու­նով վարժարանին նուիրեց զոյգ գիրքերու քանի մը օրինակներ՝ «Հայ­կա­կան Հեքիաթներու Աշխարհ» եւ «Մեծերէն Սորվի՛ր»՝ առակներու, ասոյթներու, առած­ներու եւ թեւաւոր խօսքերու գիրքը։ Զոյգ գիրքերն ալ արեւմտահայերէն լեզ­­ուով, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն հրա­տարակուած, սփիւռքի մանուկներուն համար նախատեսուած գիրքեր են։


Վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ իր կարգին նա­խա­րա­րու­հի­ին նուիրեց վարժարանի ամբողջական թղթապանակը, որ իր մէջ կ'ամփոփէր վար­ժարանի տարեգիրքը, պաշտօնաթերթ՝ «Մեսրոպեան Լրաբեր» ամսաթերթի օրինակներ, վարժարանի տարեկան օրացոյցը, ինչպէս նաեւ Արուեստից վար­ժա­րանին մասին գրքոյկներ։


Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան Մեսրոպեան վարժարանէն մեկնեցաւ գեղեցիկ տպաւորութիւններով եւ մեծ յոյսերով, որ վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը շատ շուտով պիտի այցելէ Հայաստան։ Հայրենիք այցելութեան հրաւէրը ան չմոռցաւ ընելու այն քանի մը վայրկեաններու ընթացքին, որ հիւրաբար կը գտնուէր վարժարանէն ներս։


Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի կարճատեւ այցին պիտի յաջորդէր Հայ Կաթողիկէ Պատ­րիար­քա­րա­նի «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ձեռամբ ազնուափայլ նախարարուհիին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ