Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2010 - Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւն Մեսրոպեան վարժարանի մէջ

 

Պուրճ Համմուտ

 

Ուրբաթ
, 19 նոյեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժա­րան­նե­րու աշակերտութիւնը վարժարանի շրջափակին մէջ տօնեց Լիբանանի ան­կախութեան օրը։

Ներկայ էին վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական, տեսչական կազ­մերու անդամներ, ինչպէս նաեւ վարժարանի ծնողական յանձնախումբի անդամներ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ վարժարանի երգչախումբի կողմէն Լիբանանի եւ Հա­յաստանի պետական քայլերգներու կատարումով, ապա երգչախումբը նաեւ կա­տարեց զոյգ երգեր։

Այնուհետեւ հանդիսութեան բացման խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով ար­տասանեցին աւարտական դասարանի աշակերտուհիներ Մարիամ Սէ­րայ­տար­եանը եւ Թանիա Տիպը։ Աշակետները իրենց խօսքին մէջ ըսին. «Լիբանան փոք­րիկ երկիր է իր տարածքով, սակայն ոչ ան­յայտ աշխարհին։ 67 տարիներ շա­­րունակ մեր եր­կիրը ըլ­լալով ամենատարբեր մշակութային ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րու խառ­նարան, այսօր դարձած է տարաշրջանի առեւտ­րա­կան, կրթական, մշա­կութա­յին առաջատար կեդրոնը։

Արեան գնով իր անկախութիւնը ձեռք բերած Լիբանան աշխարհը նաեւ մեր՝ լիբանանահայերուս հայրենիքն է։ Այսօր տօն է նաեւ մեզ համար։ Շնոր­հա­ւոր բոլորիս Ան­կա­խու­թեան օրը։ Կեցցէ Լիբանանը»։

Յայտագրին ընթացքին նաեւ մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան հետաքրքրական ցուցադրութեամբ, ներկայացնելով լիբանանեան բանակի կեանքէն կենդանի պատկեր մը։

Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ օրուան պատգամախօսին՝ վարժարանի տնօ­րէն Պր. Կրէկուար Գալուստին, որ ըսաւ. «Լիբանանը՝ կեանք է եւ մենք հայութեան այն բախտաւոր հատ­ուածն ենք, որոնց պապերը ճողոպրելով Ցեղասպանութենէն կրցած են հաս­տատուիլ ու արմատներ նետել այս հողին մէջ»։ Ապա շարունակելով իր խօս­քը, վարժարանի տնօրէնը ըսաւ ներկաներուն. «Շատ բան կը պարտինք Լի­բա­նա­նին՝ այս աննման հայրենիքին, որուն որպէս հայեր երախտապարտ ենք եւ կը սիրենք։ Սիրելի աշա­կերտներ, դուք ապագայի տէրերն էք, տէր կանգնեցէք այս հայրենիքին, միշտ երախտապարտ ըլլալով անոր»։

Տնօրէնի խօսքէն ետք մեսրոպեանցի աշակերտները հանդէս եկան Լի­բա­նանին նուիրուած արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով աս­մուն­քով։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վարժարանի կիթառահարներու խումբի ելոյ­թով։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ