Երկուշաբթի, 27 Օգոստոս 2012 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Մուսա Սատըր հաստատութեան նախագահը


Պէյրութ

Երկուշաբթի, 27 օգոստոս 2012-ի առաւօտեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ընդունեց Մուսա Սատըր հաստատութեան նախագահ` շէյխ Հասան Ալ Մասրի, որ Հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց Իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման 34-րդ ամեակին նուիրուած յուշահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ 31 օգոստոսին։

Այս առթիւ, Հոգեւոր Տէրը հաստատեց, որ Մուսա Սատըր համալիբանանեան առումով մեծ հայրենասէր անձնաւորութիւն մըն է եւ 3 տասնամեակէ աւելի իր անհետացման պայմաններուն մէջ իսկ անոր յիշատակը վառ կը մնայ։ «Իմամ Մուսա Սատըր միասնականութեան ձգտող յատուկ անձնաւորութիւն մը ունէր՝ մարդկային սկզբունքներէն մեկնելով եւ ազգային համերաշխութիւն քարոզելով։ Անոր մէջ Աստուած դրած էր այս յատուկ պարգեւը» ըսաւ Հոգեւոր Տէրը, աւելցնելով, որ կ'ողջունէ Իմամ Սատըրի յիշատակը ամէն տարի պատշաճ հանդիսութիւններով նշելու աւանդութիւնը։      


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ