Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2012 - Նոր Սւետարանացման Սիւնհոդոսի երկրորդ շաբաթը՝ կոչումներու համաշխարհային շաբաթ


Վատիկան

Վատիկանի մէջ կայացած Տիեզերական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ԺԳ. սիւնհոդոսի երկրորդ շաբաթը, որ սկսաւ երէկ՝ կիրակի 14 հոկտեմբերին, կը համապատասխանէ կոչումներու համաշխարհային շաբթուան, որ համընթաց կը յարմարի սիւնհոդոսի թեմային հետ՝ «Նոր Աւետարանացումը՝ հաւատքի փոխանցման համար»։

Յաջորդ կիրակի օր՝ 21 հոկտեմբերին, կոչումներու կիրակին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի նախագահէ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, ուր տեղի պիտի ունենայ նաեւ Վատիկանի Բ. ժողովի 7 մասնակից հայրերու երանացման արարողութիւնը։

Իսկ «Նոր Աւետարանացում» խորագրով սիւնհոդոսի աշխատանքներուն այս երկրորդ շաբաթը պիտի ընդգրկէ 8 ընդհանուր նիստեր, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան սիւնհոդոսական հայրերու եւ հիւր ունկնդիրներու միջամտութիւններ։ Չորեքշաբթի օր՝ 17 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, 17րդ նիստին ընթացքին, պիտի արծարծուի «քննարկումէ ետք տեղեկագիր» ի պատրաստութիւն սիւնհոդոսի‎ աւարտական պատգամին։ Պիտի պատրաստուին սիւնհոդոսական առաջադրանքները, որոնք պիտի ներկայացուին Սրբազան Քահանայապետին, երրորդ եւ վերջին շաբաթներուն ընթացքին։

Կը յիշեցնենք, թէ առաջին շաբթուան ընթացքին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսք առաւ սիւնհոդոսին երկրորդ օրը՝ երեքշաբթի 9 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան նիստին, անդրադառնալով նոր աւետարանացման կարեւորութեան հաւատքի փոխանցման համար եւ դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի քրիստոնեայ հաւատքի վկայութեան մասին: Ան նշեց, որ հաւատքը քրիստոնէական կեանքին գլխաւոր նեցուկն է, զոր այս սիւնհոդոսը կ՚ուզէ փոխանցել հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն եւ ոչ մկրտեալներուն, աւելցնելով որ հայ ժողովուրդը մաս կը կազմէ այս հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն:
Սիւնհոդոսի առաջին շաբթուան աշխատանքի նիստերուն ընթացքին տեղի ունեցան զանազան միջամտութիւններ: Սրբազան պապը բացման արարողութեան խորհրդածութիւն մը կատարեց Նոր Աւետարանացումին մասին հաստատելով թէ Եկեղեցին գոյութիւն ունի աւետարանելու համար, եւ թէ կարելի չէ խօսիլ աւետարանացման մասին առանց իսակական զղջումի եւ ապաշխարութեան, ըսելով. «Հաշտուիլ Աստուծոյ ու մերձաւորին հետ նոր աւետարանութեան իսկական ուղին է»։ Սիւնհոդոսի պատգամաւոր նախագահ` Հոնգ Գոնկի եպիսկոպոս Ճոն Թոնկ Հոն կարդինալը, Սիւնհոդոսի առաջին օրուան նիստին ընթացքին, իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Աւետարանացման» նիւթին, մէջբերելով Չինաստանի համայնավար վարչաձեւի տակ ապրուած փորձառութենէն օրինակներ, հրաւիրելով ներկաները ըլլաու «հաւատքի եռանդուն վկաներ»։ Զեկոյցներու ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր, ինչպէս՝ առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւններու կեանքի օրինակին վրայ հիմնուելու անհրաժեշտութիւնը, նոր կորով ու խանդավառութիւն գտնելու կարիքը եւ Եկեղեցւոյ խղճի քննութիւն կատարելը։ Ժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Անգլիոյ Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ, Գանթէրպուրրիի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Րոան Ուիլիամսը, որ ներկայացուց նոր աւետարանացումը Անկլիքան Եկեղեցւոյ տեսանկիւնէն։

Նշենք նաեւ, որ հայ առաքելական Եկեղեցին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վատիկանի այս ժողովին, ուր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն  կը մասնակցի Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ եւ Գեւորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ տէր Գեւորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը. իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն կը մասնակցի Անթիլիասի կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի փոխվարիչ Մասիս վրդ. Զօպույեանը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ