Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2006 - Փակման Հաղորդագրութիւն Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի


Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը գումարուեցաւ 4-13 Սեպտեմբեր 2006, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, նախագահութեամբ Ամեն. եւ Գերերջ. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ մասնակցութեամբ Սիւնհոդոսական Հայրերուն: Ներկայ էին Առաջնորդները Լիբանանի, Հալէպի, Դամասկոսի, Կ. Պոլսոյ, Եգիպտոսի, Իրանի, Իրաքի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Երուսաղէմի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի թեմերուն:

Սիւնհոդոսական Հայրերը քննարկեցին հետեւեալ նիւթերը.

Ա. Թեմերը եւ անոնց հոգեւոր, հովուական, վարչական, դաստիարակչական, ընկերային հարցերը եւ համապատասխան նախաձեռնութիւնները:

Բ. Պատրիարքական թեմէն ներս, ինչպէս նաեւ միւս թեմերու միջեւ գործօն համագործակցութեան զարգացումը:

Գ. Պատրիարքական զանազան յանձնախումբերու տարեկան գործունէութեան զեկուցումը:

Դ. Կղերի Համաժողովի «Հոգեւոր Վերանորոգում» նշանաբանով յետաձգումը, Լիբանանի վերջին անցուդարձերուն հետեւանքով եւ որոշումը՝ զայն գումարելու 2007ի Յուլիսին՝ Զմմառ, Լիբանան:

Ե. Ծիսական բարենորոգումը՝ յատկապէս սուրբ Պատարագի ու Ժամակարգութեան աշխարհաբար թարգմանութեան եւ սուրբ Խորհուրդներու մատակարարման վերաբերեալ:

Զ. Փոխ-յարաբերութիւնները Կաթողիկէ ուրիշ Եկեղեցիներու, համամիութենական շարժումը քոյր Եկեղեցիներուն եւ յարաբերութիւնները կրօնական այլ համայնքներու հետ:

Է. 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Երանացման դատի աշխատանքներու հետա¬պն¬դումն եւ աշխուժացումը:

Ը. Ս. Գրիգոր Նարեկացիի 1000 ամեակին նուիրուած եւ Հռոմի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած գիտաժողովի գործերուն հրատարակութիւնը: Նաեւ հետապնդումը սկսուած նախաձեռնութեան՝ այլ երկիրներու մէջ եւ զանազան լեզուներով ծանօթացնելու Նարեկացիին անձն ու գործը:

Թ. Ընդհանրական Եկեղեցւոյ կողմէ հռչակումը Ս. Գրիգոր Նարեկացիին իբր Վարդապետ Տիեզերական Եկեղեցւոյ:

Ժ. Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մեծածաւալ Քրիստոնէականի արեւմտահայե-րէն եւ արեւելահայերէն թարգմանութիւններուն անյապաղ հրատարակութիւնը:

ԺԱ. Հրատարակութիւնը անցեալ տարի Վատիկանի մէջ Ն. Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի ներկայութեամբ հանդիսաւորապէս զետեղուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մեծղի արձանին պատկերազարդ ալպոմին:

Քաղաքական եւ ընկերային կացութեան վերաբերեալ՝ նկատի առնելով Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւնները եւ անոնց անդրադարձները համայնքի կեանքէն ներս, յատկապէս Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրբ Երկրին մէջ՝ Սիւնհոդոսական Հայրերը, իրենց լուրջ մտահոգութիւնը յայտնելով անապահովութեան եւ տնտեսական սուր տագնապի մատնուած ժողովուրդին վիճակին ի տես, յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը անոնց հետ, ինչպէս նաեւ իրենց յաձնառութիւնը՝ կարելի բոլոր միջոցներով դարմանելու անոնց տառապանքն ու կարիքները, յատկապէս դպրոցական¬ներու տնտեսական ծանր տագնապին վերաբերեալ:

Այս առիթով՝ Սիւնհոդոսական Հայրերը կ’ողջունեն Լիբանանի կառավարութեան վճռակամ դիրքորոշումը այս տագնապալից օրերուն՝ ի նպաստ հայրենիքի գերիշ-խանութեան եւ ազատութեան, ինչպէս նաեւ անոր առած խիզախ քայլերը՝ լուծելու համար խնդրայարոյց հարցերը՝ ամբողջական ու վերջնական խաղաղութիւն հաստատելով մեր երկրին մէջ՝ հիմնուած սիրոյ, միութեան, փոխադարձ վստահութեան ու համագործակցութեան վրայ:

Կը յորդորեն լիբանանահայութեան բոլոր հատուածներն ու անդամները՝ անվերապահօրէն թիկունք կանգնելու պետութեան հայրենասէր դիրքին ու նախաձեռնութիւններուն՝ բաղձալի անդորրութիւնն ու բարօրութիւնը օր առաջ իրականացած տեսնելու հեռանկարով:

Կոչ կ’ուղղեն նաեւ մեր համայնքի երիտասարդութեան՝ տոկալու այս դժուար օրերուն եւ չտարուելու յուսալքումի եւ արտագաղթի փորձութենէն՝ վստահեցնելով անոնց, թէ անոնք մեծ դեր ունին կատարելիք Լիբանանի վերականգնումին ու վերակերտումին մէջ:

Սիւնհոդոսական Հայրերը, վերջապէս, կ’ողջունեն Մայր Հայրենիքի եւ Արցախի ղեկավարներն ու ժողովուրդը, մասնաւորաբար Հայաստանի անկախութեան տասնհինգերորդ տարեդարձին առիթով եւ կը մաղթեն, որ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային վերելքի գործընթացը, որ սկիզբ առաւ տասնհինգ տարի առաջ, անխափան շարունակուի եւ նորանոր նուաճումներով պսակուի:

Հուսկ, Սիւնհոդոսական Հայրերը կը խրախուսեն մեր բոլոր թեմերու հայ հաւատացեալները, որ իրենց աղօթքը բարձրացնեն ամենաբարի Աստուծոյ, որպէսզի, բարեխօսութեամբ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր եւ մեր նահատակ սուրբերուն, յաջողութեամբ պսակէ եւ արդիւնաւորէ սիւնհոդոսական աշխատանքները ի փառս Ս. Երրորդութեան, ի պայծառութիւն Եկեղեցւոյ եւ յօգուտ Հայ Ազգին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ