Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2014 - Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի կիսանդրիի բացում

Հարիսա

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի սրբադասման եւ անոր Լիբանան պատմական այցելութեան 17-րդ տարեդարձին առթիւ, մարոնիթներու կարտինալ Պշարա Րաի պատրիարքը հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցանեց  Հարիսայի Պազիլիքային մէջ  կիրակի 11 մայիս  2014-ին: Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին պապական նուիրակ՝ Գաբրիէլ Քաչչիա եպիսկոպոսը, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, կաթողիկէ համայնքապետերու եւ միաբանութիւններու ներկայացուցիչներ, եպիսկոսպոսներ եւ հիւրեր:

Պատարագի աւարտին հոգեւորականներու դասը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու բազմութիւնը ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջաբակը, ուր կատարուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի կիսանդրիի բացումը եւ օծման արարողութիւնը: Կիսանդրիի հեղինակն է քանդակագործ Նայէֆ Ալուանը:

 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ