Ուրբաթ, 12 Օգոստոս 2011 - Արհի. հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեան այցելեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն


Երեւան

Այսօր՝ առաւօտեան ժամը 10-ին Երեւանի մէջ, Հիւսիսային Ամերիկայի նոր առաջնորդ արհի. հայր Միքայէլ եպս. Մուրատեան, պրն. Սարգիս Նաճարեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանին հետ։
Հանդիպման ընթացքին, Մուրատեան եպիսկոպոսը պարզեց Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմին իր նոր առաքելութեան մասին։
Տիկին նախարարը շնորհաւորեց նոր առաջնորդը եւ բարձր գնահատեց հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայկական իրականութեան մէջ։
Ներկաները քննարկեցին համագործակցութեան միջոցները կրթական ու մշակութային մարզէն ներս Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմին եւ Հայաստանի պետական կառոյցներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ զանազան հարցերու շուրջ կարծիքներ փոխանակեցին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ