Երկուշաբթի, 15 Մարտ 2010 - Քահանայապետական Նուիրակը այցելեց Զմմառու վանքը

 
Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2010 առաւօտեան ժամը 11.00-ին Զմմառու Մայրավանք այցելեցին՝ Քահանայապետական Նուիրակ Մօնս. Կապրիէլ Գաչիա, ընկերակցութեամբ իր քարտուղարին՝ Մօնս. Թովմասին. Անոնք ծանօթանալէ ետք Մայրավանքիս Թանգարանին, Մատենադարանին, Ձեռագրատան, եւ Գինեմառանին, օրուան հացկերոյթին մասնակցեցան, որուն ընթացքին վանքին Մեծաւոր Հօր՝ Գերյ. Միքայէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեանի եւ վանքի միաբան հայրերուն հետ զրուցեցին հոգեւոր եւ այժմիական զանազան նիւթերու շուրջ:

Այցի աւարտին Քահանայապետական Նուիրակը իր տպաւորութիւնները մակագրեց վանքիս յուշամատեանին մէջ որմէ ետք հրաժեշտ տուաւ վանքիս հայրերուն արտահայտելով իր երախտապարտ զգացումները:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ