Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2006 - Գիր Ցաւակցութեան Առ Սիրեցեալ Եղբայր Մեր Արհիապատիւ Տէր Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքէհէեան

Այս առաւօտ իմացանք մահուան գոյժը Արհիապատիւ Հայր Ներսէս Տէր-Ներսէսեանի՝ վաստակաւոր Առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Թեմի:

Հանգուցեալ Արքեպիսկոպոսը եղաւ առաջին Առաջնորդը այդ հսկայ եւ անծայրածիր թեմին, հաստատելով իր Աթոռը Գիւմրիին մէջ :

Նորընտիր Առաջնորդը սկսաւ անխոնջ ու աննկուն կամքով կազմակերպել նորաստեղծ վիճակը: Նախկին կաթողիկէ եկեղեցիները վերահաստատեց, փլուզումի ենթարկուածները նորոգեց եւ օծեց: Տեղացի ապագայ առաքեալներու պատրաստութեան մտահոգութենէն մղուած դպրեվանք հիմնեց ժառանգաւորներուն համար:

Հանգուցեալը՝ որպէս Մխիթար Աբբահօր հարազատ աշակերտ, ունէր նաեւ մտաւորական աշխատանք եւ բազմաթիւ ու երկարաշունչ յօդուածներ հրատարակած է Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան Բազմավէպ պաշտօնաթերթին մէջ: Հայերէն աշխարհաբար լեզուի տիտանը նկատուած է:

Սուրբ Ղազար Մխիթարեան վանքին մէջ ապրեցաւ երկար տարիներ ստանձնելով զանազան պատասխանատուութիւններ, մանաւանդ Միաբանութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:

Տասնեակ տարիներ աշխատեցաւ անդադար, գործեց յաճախ անաղմուկ, օգնեց շատերուն: Եղաւ աղօթասէր, աշխատասէր եւ աղքատասէր. այլ խօսքով՝ դարձաւ բառին լիիրաւ իմաստով անբասիր կրօնաւոր մը եւ վեհաշուք հայրապետ մը:

Յոյսով ենք որ մեր սիրելի Սրբազանը՝ թօթափած իր հողեղէն մարմինը, հասած է հաւատքի աչքով ցանկացած երանաւէտ երջանկութեան: Հասած է յաւիտենական Լոյսին, ուր արեգակը մար չի մտներ, հոն ըմբոշխնելու համար այն գեղեցկութիւնն ու երանութիւնը, զոր Աստուած պատրաստած է իր սիրելիներուն: Այդ գեղեցկութեան ու երջանկութեան մասին Պօղոս Առաքեալը կ’ըսէ. «ինչ որ աչքը չէ տեսած, ականջը չէ լսած, ինչ որ մարդուն սիրտը չէ ինկած, Աստուած պատրաստած է զինք սիրողներուն»: Այդ գեղեցկութիւնն ու երջանկութիւնը նոյն Ինքն Աստուած է: Հանգուցեալը Զինքը պիտի տեսնէ «դէմ յանդիման» իր Մեծութեան եւ իր Փառքին մէջ:

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ իր հոգին արդարներու լոյսին մէջ հանգչեցնէ եւ իր ուխտակիցները ու սիրելիները մխիթարէ:


Հայրական օրհնութեամբ՝
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Տուեալ ի կաթողիկոսական Աթոռոյն ի Զմմառ
յաւուր քսաներորդի չորրորդի ամսեանն Դեկտեմբերի յամի Տեառն 2006 յութերորդ ամի Հայրապետութեան Մերոյ

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ