Երեքշաբթի, 23 Փետրուար 2010 - Լոյս տեսաւ «Հայ Մանկավարժ» հանդէսի առաջին համարը

 

Պէյրութ, Լիբանան

 

Հրապարակի վրայ է «Հայ Մանկավարժ» հանդէսի առաջին համարը

  

2010-ի Փետրուարի սկիզբը Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ «Հայ Մանկավարժ» ուսումնագիտական եւ մանկավարժական եռամսեայ հանդէսի առաջին`«ձմեռ 2010» թուագրեալ համարը: Հանդէսի պատասխանատու խմբագիրն է Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, խմբագիրը` Եւա Գորէսեան, տնօրէնը` Վարդան Թաշճեան: Անիկա կը հրատարակուի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական Հայագիտական Զարգացման Գրասենեակին կողմէ, որ կրթագիտական հետազօտութիւններու եւ կրթական արտադրութեան հիմնարկ մըն է, հիմնադրուած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հրամանով :

Հակիրճ խմբագրականէ մը ետք, ուր կը ներկայացուին հանդէսի հետապնդած նպատակներն ու  առաջադրանքները, «Հայ Մանկավարժ»ի առաջին թիւին մէջ հրատարակուած են եօթ տարբեր յօդուածներ, գրուած դպրոցական հայագիտութեան, մանկավարժութեան եւ մանուկներու հոգեբանութեան մասնագէտներու կողմէ:

Մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան դասախօս Տիկ. Շաղիկ Խիւտավերտեան ՙՄանուկ Պատանիներու Ընկերային Կազմաւորումը՚ վերնագրեալ իր յօդուածով կու գայ նշելու ընկերային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը դպրոցական միջավայրին մէջ, ուր շեշտը առաւելաբար կը դրուի ակադեմական աշխատանքներուն վրայ: Ըստ Տիկ. Խիւտավերտեանի, մանուկ-պատանիներու ընկերային առողջ կազմաւորումը մեծապէս կը սատարէ անոնց մտաւոր զարգացման. առ այդ, ան կառաջարկէ ընկերային դաստիարակութիւն փոխանցող յատուկ, հետեւողական եւ յարատեւող աշխատանքներու ծրագրաւորում եւ կիրարկում դպրոցներէ ներս:

 

Բուժական հոգեբանութիւն մասնագիտութեան մէջ վկայեալ եւ մանկական գիրքերու հեղինակ Տիկ. Վերա Սիսեռեան իր «Բռնդատումը» յօդուածին մէջ կը խօսի դպրոցական կեանքէն ներս նշեալ երեւոյթին զանազան երեսներուն մասին:

Տիկ. Սիսեռեան լուսարձակի տակ կառնէ այս նիւթին այժմէականութիւնը` դպրոցական կեանքին առընչակից բոլոր կողմերուն համար: Ան կը սահմանէ բռնադատումը , կը նկարագրէ անոր ազդանշաններն ու պատճառած անմիջական թէ ապագայի վրայ երկարող հոգե-ֆիզիքական աւերները: Եզրակացութեան մէջ, յօդուածագիրը կառաջադրէ գործողութիւններ, որոնք կրնան կանխարգիլել բռնադատումը կամ վերածուին դրական միջոցառումներու` լուծելու դպրոցական կեանքի մէջ յաճախակիօրէն կրկնուող ընկերային այս երեւոյթը:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ճիւղին մէջ Երեւանի Պետական համալսարանէն Մագիստրոս Արուեստից վկայականի տիրացած Տիկ. Գոհար Գանտահարեան իր ՙՊատմութեան Ուսուցումը ճիշդ Ուղիով՚ յօդուածով կու գայ բացայայտելու աշակերտին մօտ քննական մտքի զարգացման կարեւորութիւնը` պատմութեան դասանիւթի, դասաւանդման մէջ, ուր ուսուցիչը իր մանկավարժական եւ պատմական գիտելիքներով պիտի կարենայ աշակերտին մէջ զարգացնել գործօն մասնակցութեամբ գիտելիքներ ամրապնդելու, վերլուծելու եւ պատմական դէպքեր ու դէմքեր գնահատելու իր կարողութիւնները:

Հայագիտութեան եւ ընկերային-մշակութային առարկաներու մասնագէտ հայրենի յօդուածագիր Գայանէ Թադէոսեան «Հայ Մանկավարժ»ի առաջին համարին մէջ հանդէս կու գայ «Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու Ուսուցումը Երաժշտութեան Առարկայի Դասաժամերուն» յօդուածով, ուր կը խօսի հայկական դպրոցներու մէջ հայկական երաժշտութեան տիտաններէն` Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու ուսուցման կարեւորութեան մասին, ներկայացնելով դասածրագիր մը` նախակրթարանի 4-րդ դասարանի համար, նուիրուած Կոմիտասի Ծննդեան 140-ամեակին :

Հանդէսի խմբագրութեան կողմէ պատրաստուած յաջորդ յօդուածը կը ներկայացնէ շարք մը կայքէջեր, որոնք կը պարունակեն Հայկական Ցեղասպանութեան եւ 20րդ դարուն ընթացքին մարդկային անիրաւութեանց մասին տեղեկութիւններ, մանկավարժական դասածրագիրներ, տեսաերիզներ, քարտէսներ, վերապրողներու վկայութիւններ: Համացանցի վրայ գտնուող այս աղբիւրները կրնան իրենց զգալի օժանդակութիւնը բերել դպրոցներու մէջ վերոյիշեալ նիւթերու ուսուցման աշխատանքին մէջ:

«Հայ Մանկավարժ»ին մէջ կերեւին նաեւ համադրական աշխատանքներ. հանդէսի խմբագիր Եւա Գորէսեանի համադրական յօդուածը` ՙԹէ Ինչպէս Կը Ձեւաւորուի Աշատերտին Յարգանքը` Ուսուցիչին Հանդէպ՚ խորագրով, կը փոխանցէ այն միտքը, թէ ուսուցիչին հանդէպ յարգանքը կը ներշնչուի, եւ ոչ թէ կը պարտադրուի, եւ թէ ուսուցիչը, իր ակադեմական թէ ընկերային մասնագիտական պահուածքով է, որ պիտի կարենայ յարգալից մթնոլորտ ստեղծել դասարանին մէջ:

Եռամսեայ հանդէսի անդրանիկ համարին մէջ տեղ տրուած է նաեւ երիտասարդ մանկավարժին` փոխանցելու իր տեսակէտները` մանկավարժական այժմէական նիւթերու շուրջ: Այս ծիրին մէջ,Աննա Քելեան` «Դպրոց. Իրաւասութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ» վերնագրեալ  յօդուածով կը խօսի աշակերտ-ուսուցիչ յարաբերութեան մասին, ուր իւրաքանչիւրը ունի իր իրաւասութիւններն ու պատասխանատուութիւնները, որոնք կը կիրարկուին փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ:

«Հայ Մանկավարժ» հանդէսի առաջին համարը կը բաղկանայ միջին չափի 64 էջերէ: Հանդէսի երկրորդ` «գարուն 2010» համարի լոյս ընծայումը նախատեսուած է Ապրիլին: Հանդէսը, որ կը հրատարակուի 500 տպաքանակով, շուտով պիտի ունենայ իր ելեկտրոնային տարբերակը` տեղադրուած համացանցի վրայ: «Հայ Մանկավարժ» ստանալու համար կարելի է դիմել  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» Կեդրոնի Դպրոցական Հայագիտութեան Զարգացման Գրասենեակ,  հեռաձայն` 961 1 570559, հեռատիպ` 961 1 570562, 

ել.հասցէ` [email protected]

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ