Շաբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2013 - Հոգեւոր Տիրոջ շնորհաւորական ուղերձը Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով

Պէյրութ, 16 Սեպտեմբեր 2013

Դիւան թիւ 251/13

Մեծայարգ Տիար Սերժ Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան

Վսեմաշուք Տիար Նախագահ,

Լիբանան եւ  մասնաւորաբար Զմմառու Վանք Ձեր կատարած պատմական այցելութեան անջնջելի տպաւորութիւններով տոգորուն, ուրախութեամբ եւ Հայրապետական օրհնութեամբ  կ'ողջունենք ու կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ մեր յոյժ սիրելի հայ ժողովուրդը Հայաստանի անկախութեան 22-րդ տարեդարձին առիթով։

Անկախութեան իւրաքանչիւր տարեդարձի նշումը որքան ուրախութեան եւ հպարտութեան  առիթ է, նոյնքան հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ ամէն հայու ուղղուած հրաւէր մըն է վերահաստատելու իր պատասխանատուութիւնը եւ զօրակցութիւնը Հայրենիքին հանդէպ։ Մեր մաղթանքն է որ Անկախութեան իւրաքանչիւր տարին  յատկանշուի Հայաստանի եւ հայրենաբնակ  մեր ժողովուրդի  զարգացման, յառաջդիմութեան, բարգաւաճութեան եւ բարօրութեան, ինչպէս  նաեւ հայկական պետականութեան յարաճուն հզօրացման  վկայութիւններով, եւ յաջողութեամբ պսակուին այս ուղղութեամբ Ձեր նախաձեռնութիւններն ու աշխատանքը։
Մեր այս մաղթանքին, սիրելի Պարոն Նախագահ, կը  միացնենք Մեր աղօթքը, որպէսզի Զմմառու Տիրամօր բարեխօսութեամբ՝ Տէրը իր հովանին անպակաս ընէ  Ձեր, Հայկական Պետութեան եւ համայն հայ ժողովուրդին վրայէն։

Հայրական օրհնութեամբ՝

+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ

       Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ