Երեքշաբթի, 21 Յունուար 2014 - Գիրքերու Բարեկամութեամբ. «Կեանքի Բեկորներ»

Պէյրութ

Արուեստագէտները կը հետեւին ստեղծագործական իրենց կոչումին: Կարելի չէ զանոնք լռեցնել կամ զրկել եւ անոնց սիրած աշխատանքը դադրեցնել: Գրողը կը գրէ իր ըսելիքները արտայայտելու, իր կենսափորձը փոխանցելու շրջապատին, ընթերցողներուն: Նոյնն է պարագան գեղանկարիչին, երաժիշտին, երգիչին եւ դերասանին: Արուեստը կապն է մարդկային յարաբերութիւնները արտայայտելու, բարիին ու գեղեցիկին, չարին ու չարագործին ներկայութեան մասին վկայութիւն տալու: Մէկ խօսքով, գեղեցիկին առկայութիւնը կը հաստատէ արուեստագէտը իր իւրայատուկ արուեստով:

Մեր կեանքը համաշխարհայնացնող համակարգիչի զարգացած դրութիւնը որքան ալ յառաջդիմէ եւ մարդը հեռացնէ արուեստին ընկալումէն, արուեստագէտները կը մնան բարեկամը բնութեան, ի վերուստ իրեն շնորհուած շնորհին, տաղանդին:

Գիրքերու ընթերցողները որքան ալ նուազին, գրողը պիտի շարունակէ ստեղծագործել, գրել` հաւատարիմ մնալով իր կոչումին:

Այս մտորումները նորութիւն չեն մեզի համար, այսօր անգամ մը եւս յիշեցնենք` կարդալով լիբանանահայ շնորհալի արձակագիր Զոհրապ Գիրէջեանի նոր լոյս տեսած հատորը, որ պատմուածքներու ժողովածու մըն է:

Զոհրապ ունի իւրայատուկ գրելաձեւ, որ իր ոճն է: Հազիւ քանի մը տող կարդալով` ընթերցողը կը ճանչնայ զինք եւ կ՛ըսէ` «Զոհրապ Գիրէջեանն է, ոչինչ փոխած է իր հաւատամքէն»:

Ուրախութեամբ կը բանանք հատորը. առաջին էջերուն արձանագրուած է հեղինակին ուսանողական տարիներէն քաղուած յուշագրութիւն մը` ապրուած օտար վարժարանի մը մէջ, որ «ֆրերներու» քոլեճն է, Պէյրութ մայրաքաղաքի Պուրճ կոչուած հրապարակին մօտիկը:

Այս օտար վարժարանին մէջ հայոց լեզուի դասաւանդութիւն ընդգրկուած է, դասատուն հայ հոգեւորական մըն է, հայոց լեզուին պաշտպան: Թեման հետաքրքրական է, գրութիւն մը, որ կը հրճուեցնէ եւ նոյն ատեն կը զարմացնէ ընթերցողը:

Զոհրապ Գիրէջեանի «Կեանքի բեկորներ» պատմուածքներու հատորը (13 պատմուածք, 223 էջ) տպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի տպարանին մէջ, Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հիմնադրամով. թիւ 16:

Ընթեցողի մեր տպաւորութեամբ կրնանք արձանագրել, թէ արձակագիր Զոհրապ Գիրէջեան ամէն բանէ առաջ ունի հեզասահ մաքուր լեզու, առանց խրթնաբանութեան: Ոճը յստակ, թեմաները համամարդկային եւ նոյն ատեն` հայադրոշմ: Երկարաշունչ է Զոհրապին գրելաձեւը, կը պատմէ դէպքեր, կը ներկայացնէ դէմքեր` վեր առնելով անոնց հոգեբանական վիճակները: Ունի պատմողի յատուկ լեզու, որ կը մտնէ խորքը իր մշակած թեմային ապա կը «մագլցի» այլ վիճակի մը, որ իրարու կը կապէ տուեալ նիւթին ամբողջականութիւնը: Համբերատար է ան, չ՛աճապարեր վերջակէտով մը աւարտելու իր սկսած դիպաշարը, ընթերցողը կը տանի իրեն հետ մինչեւ վախճանը պատահարներուն:

Ընդհանրապէս ընտանեկան, այր ու կնոջ, ընկերային կեանքէն վերցուած նիւթեր են, այնքան բնական ու վաւերական` նոյն ատեն: Ան լուսարձակի տակ առած է կիներու եւ այրերու հոգեվիճակները, սէրը, դժբախտ ու բախտաբեր վիճակները, կինը մասնաւորաբար եղած է գրողին մտածման կեդրոնը, կինը, որ երբեմն նուիրեալ ու սիրալիր, սիրատանջ ու բարեսիրտ, նաեւ` հակառակը: Կը ներկայացնէ մայթաղիճն ու միւս կողմէ հաւատարիմ էգը, մարդկային կեանքէն վերցուած պատկերներ, որոնց կը հանդիպինք անշուշտ, բայց այդպիսիք Զոհրապ Գիրէջեանի գրիչով կը զգենուն գեղեցիկ, հաղորդական եւ անմիջական կերպարներ` հետաքրքրութիւն սերմանող:

Հաճելի է մասնաւորաբար գիրքին առաջին պատմուածքը, որ յուշագրութիւն ըլլալով` գրուած է առաջին դէմքով, իր դպրոցական կեանքէն:

Բոլոր տարիքներու եւ սեռերու մատչելի ընթերցանութիւն մը, զոր պէտք է կարդալ ամենայն հետաքրքրութեամբ: Նշենք նաեւ, որ նման արձակագիրներու կարօտը ունինք, լուրջ ու օգտաշատ տրամադրութիւն ստեղծող, հեռու վաւաշոտ եւ անպատշաճ սեռային պատկերներ պարզող տեսարաններէ: Նոյն ատեն այդ ամէնը կարելի է զգալ ու ըմբռնել տողատակի, առանց ապրումները վերածելու տրամադրութիւն պղտորող վիճակի:

Ներկայիս կայ այնպիսի տրամադրութիւն եւ գրեթէ համայնական հոգեվիճակ, թէ գիրքերը անհրաժեշտ չեն, զանոնք կարդալն ալ կարեւոր չէ, քանի որ կան համակարգչային ամէն տեսակի դիւրութիւններ, մատի մը շփումով կարդալիք բազմատեսակ գրականութիւն: Այս պարագային կը կորսուի հայ գիրին եւ ճիշդ գրելու գեղեցկութիւնը, գիրքին փոխացած հաճոյքը եւ անոր անբացատրելի հմայքը: Հետեւելով այս համոզումին` ըսենք, թէ գիրք կարդացող չկայ: Ընդունինք նոյն ատեն, յարգելիներ, թէ այս ընթացքով գրողներ եւս պիտի չըլլան: Եթէ գրողներն ալ հեռանան հրապարակէն…

Զոհրապ Գիրէջեան ստեղծագործած է հայուն հոգեբանութեամբ, հայուն պահանջատիրութեան մասին տագնապելով, ներկայացնելով մեր հայրենիքին հաւատացող հերոսներուն միտքը հասած է մինչեւ Արցախ: Ղարաբաղեան մարտնչումի զոհաբերումով շահուած յաղթանակները կը գովերգէ պատմուածքի մը ընդմէջէն, «Արցախի ղօղանջը» վերնագրուած:

Ընտանեկան, ընկերային, հայրենասիրական, յեղափոխական, մշակութային լարերով նուազ մը նկատեցինք «Կեանքի բեկորներ» նոր լոյս տեսած հատորը (2013-ի վերջին ամիսներուն): Հեղինակին կը մաղթենք ստեղծագործական նոր նուաճումներ:

 ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ