Վատիկան
Հինգշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2010ի՝ առաւօտեան նիստին, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը նախագահեց «Երրորդ Ժամու ժամասացութիւնը» ըստ հայ ծէսին, զոր կատարեցին հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնոդոսական հայրերը մասնակցութեամբ ք. Լեւոնեան հայ վարժարանի տնօրէնութեան անձնակազմին եւ ժառանգաւորներուն։
Բացման աղօթքէն ետք սկիզբ առաւ սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստը: