Հինգշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2012 - Ծննդեան հոգեւոր երաժշտութեան փառատօն «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» եկեղեցւոյ մէջ

Պէյրութ

«Պէյրութը կ'երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ փառատօնի համերգներու շրջագիծին մէջ, Պէյրութի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, տեղի ունեցաւ հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբի Սուրբ Ծնունդի համերգը:

Համերգին բացման խօսքը արտասանեց «Արմիս» մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Հրայր Ճեպեճեան, որ մաղթեց, որ 2013 տարին ըլլայ խաղաղութեամբ եւ յաջողութեամբ լի տարի մը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Ապա ելոյթ ունեցաւ «Արմիս» երգչախումբը, որուն խմբավարն է Կարօ Աւեսեան, իսկ դաշնակահարը` Լորի Այնթապլեան: Խումբը երգեց Կոմիտասի «Քրիստոս ի մէջ»-ը, Մովսէս Խորենացիի «Ուրախացի՛ր սրբուհի»-ն, Քաչինիի «Աւէ Մարիա»-ն եւ սուրբ Ծնունդի տօնին նուիրուած շարք մը ստեղծագործութիւններ: 27 անդամներէ բաղկացած «Արմիս»-ը համերգի աւարտին երգեց սուրբ Ծնունդի դասական երգերու երգաշար մը, որ արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն, որոնց իբրեւ արդիւնք երգաշարէն հատուած մը անգամ մը եւս ներկայացուեցաւ:

Յայտնենք, որ համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Արմիս» լարային քառեակը, որ նուագեց Կանաչեանի «Օրօր»-ը եւ Հենտըլի «Ալէլուիա»-ն:
«Պէյրութը կ'երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ փառատօնին ընդմէջէն «Արմիս» երգչախումբը հայ թէ օտար հասարակութեան մօտ ստեղծեց տօնական մթնոլորտ եւ մատուցեց բարձրորակ արուեստ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ