Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2013 - Հալէպի հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսին ահազանգի կոչը Սուրիոյ իրավիճակին մասին

Վատիկան

Հալէպի թեմի հայ կաթողիկէ Առաջնորդը Արքեպիսկոպոս Պետրոս Մրէաթեան յայտարարած է ֆիտես լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին, թէ «Ամէն օր կը տեղեկանանք Հաէլպի մէջ տեղի ունեցող սպանդներու մասին։ Մշտատեւ ռումբերու պայթումներ կը լսենք առանց հասկնալու թէ ուրկէ կուգան ռմբակոծումները բանակէն թէ ահաբեկիչներէն։ Տիւ եւ գիշեր կ'ապրինք լարուած, վախի ու սարսափի մէջ։ Դժուար է ապրիլ առօրեայ մը ուր տուներու մէջ կը պակսին խմուելիք ջուրն ու կազը։ Խռովայոյզ ենք ու շփոթած», ընդգծելով որ ժամանակ չունին այլայլելու պատահած առօրեայ ահաւոր ու սրտաճմլիք դէպքերու ի տես ։

Սպանդը որ տեղի ունեցաւ համալսարանին մէջ եւ որուն հետեւանքով կորսնցուցինք կրօնաւորուհի Ռիմա-ն, կարծես ըլլար հեռաւոր դէպք մը , շատոնց ի վեր պատահած եղելութիւն մը։ Գերապայծառ Պետրոս Մրէաթեանի գնահատումով անկարելի է ստուգել արիւնալի ոճիրներու պատասխանատուները եւ այդ պատճառաւ Հալէպի բնակչութեան կեանքի պայմանները մեծապէս դժուարացած են ։

«Կը գտնուինք պատերազմի մը մէջ, որպէս թէ ըլլանք խաւարի մէջ, առանց հասկնալու թէ ինչ կ'անցնի ու կը դառնայ։ Մենք մեզի հարց կու տանք թէ ե՞րբ եւ թէ ի՞նչպէս վերջ պիտի գտնէ ներկայ խռովայոյզ կացութիւնը» ըսած է Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդը։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=660727


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ