Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը 12 ապրիլի քահանայապետական սուրբ պատարագին

 

Հռոմ

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ արտասանած իտալերէն խօսքը թարգմանուած հայերէնի, սրբազան Քահանայապետին սուրբ Պատարագին, որ տեղի ունեցաւ 12 ապրիլ 2015-ին «Սուրբ Պետրոս»ի պազիլիքային մէջ:

«Սրբազնագոյն  Հայր, 

Այս սուրբ Պատարագին աւարտին, որ սուրբ խորհուրդին շնորհքով լիացուց մեզ, հայ ժողովուրդին  վարդապետն ու փառքը, հայ վանական սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, յայտարարուեցաւ վարդապետ տիեզերական Եկեղեցւոյ:

Բոլոր ներկաները այս սուրբ Պազիլիքային մէջ եւ ի մասնաւորի հայ հաւատացեալները լեցուած են ուրախութեամբ մը, որուն ես ալ կը բաժնեկցիմ: 

Բոլոր անոնք, որոնք կարդացած են կամ կարելիութիւնը պիտի ունենան կարդալու էջ մը այս աստուածաբանին, վանականին եւ բանաստեղծին գործերէն, պիտի  տպաւորուին վարդապետութենէն եւ ջերմեռանդութեnhn այդ մեծ սուրբին, որ ապրեցաւ 950 եւ 1005 թուին միջեւ:

Հարկ է նշել  թէ սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հայ ժողովուրդին  սուրբերուն մէջ ամենէն սիրուածն ու կարդացուածն է:

Իրեն հանդէպ ջերմեռանդութիւնը, որ սկսաւ իր մահէն անմիջապէս ետք, երբեք չէ դադրած, եւ այնքան ժողովրդականութիւն ստացած է հայ ընտանիքներուն մօտ, որ շատեր իրենց սնարին տակ կը պահէին, Մատեան Ողբերգութեանեը, Սուրբ Աւետարանին հետ: Այսօր ալ, ամէն անոնք որոնք թարգմանաբար կը կարդան զայն, այնքան կը զգացուին իրենց սրտին մէջ, որ չեն ուզեր դադրեցնել ընթերցումը, մինչեւ հասնին գիրքին  աւարտին:  Ուրիշներուն աչքերը արցունքով կը լեցուին, այնքան կը յուզուին անոր խորութենէն, եւ մանաւանդ երբ ան ինքզինքը կը նոյնացնէ բոլոր ժամանակներու մեղաւորներուն հետ: Կարգ մը վանքերու մէջ, զայն ձեռքէ ձեռք կը փոխանցեն:

Մինչ այսօր կը յիշատակենք Հարիւրամեակը Ցեղասպանութեան, որ հարուածեց շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր, որովհետեւ քրիստոնեայ էին, լիայոյս եմ որ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հռչակումը իբր Եկեղեցւոյ Վարդապետ, պիտի հանդիսանայ եղելութիւն մը, որ առաւել եւս պիտի արծածէ ջերմեռանդութիւնը անոր հանդէպ, եւ այսպէսով պիտի օգնէ հայ ժողովուրդին յաղթահարելու դժբախտութիւնները որ դար մը առաջ հարուածեցին զայն, ինչպէս նաեւ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդները, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ, որ ներկայիս կե կրեն նմանօրինակ դժբախտութիւններ:

Պէտք է նշել նաեւ Գրիգոր Նարեկացիի որդիական ջերմեռանդութիւնը Աստուածամօր հանդէպ, որ խորապէս կե տպաւորէ ամէնուն սիրտը: Արդարեւ Տիրամօր ուղղուած իր ներբողին մէջ, Նարեկի սուրբը, բանաստեղծական զօրեր սլացքով մը, կը խորացնէ զանազան երեսները Մարդեղութեան խորհուրդին. Անոնցմէ իւրաքանչիւրը առիթ կ'ընծայէ իրեն՝ երգելու եւ փառաբանելու բացառիկ վեհութիւնը եւ հրաշալի գեղեցկութիւնը մարդացած Բանին Մօր՝ Մարիամ Կոյսին:

Զարմանալի չէ հետեւաբար, որ Մարիամ առանձնաշնորհեալ տեղ մը գրաւէ հնամենի Արեւելեան Եկեղեցիներու պաշտամունքին մէչ, որոնք անբաղդատեի ճոխութեամբ տօներ եւ տեղեր ձօնած են անոր:

Այս է նմանապէս ինչ որ յստակօրէն կ'արտայայտուի սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»-ին մէջ.

«Ծնկաչոք աղօթէ հաշտութեանս համար, ծնողդ Աստուծոյ,

Եղիր հոգատար թշուառիս հանդէպ, խորանդ Բարձրեալին,

Երկարէ՛ ձեռքդ անկեալիս, տաճա՛րդ երկնային,

Թող փառաւորուի Որդիդ քու միջոցաւդ,

Որ աստուածապէս հրաշագործէ զիս՝ ի քաւութիւն եւ ողորմութիւն,

Ո՛վ դու, Աղախին եւ Մայր Աստուծոյ,

Թող ինձմով բարձրանայ պատիւդ

Եւ փրկութիւնս յայտնուի քեզմով: (Բան Ութսուներորդ)»

 

Հռոմ, 12 ապրիլ 2015

 

+Ներսէս Պետրոս ժԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք Կիլիկիոյ Հայոց

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ