Երկուշաբթի, 20 Ապրիլ 2015 - Հայ ժողովուրդը երախտապարտ պիտի մնայ հայասէր Քահանայապետին

 

Պէյրութ

 

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ  ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԻՆ ՄԷՋ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՉԱՐԻՔԻՆ ԴԻՄԱՑ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՆԿԱՏԵՑ

 

2013-ի Մարտին 13-ին՝ Կարդինալ Խորխէ Պերկոլիոյի Պապ ընտրութենէն շաբաթ մը ետք, իբրեւ Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդը՝ Վատիկանի հրապարակին վրայ  Անոր մատուցած առաջին պատարագէն օր մը ետք, «Սուրբ Պետրոսի Գահը չի կրնար փոխել Յիսուսեան Միաբանի զգացումները» խորագրին ներքեւ՝  կը գրէինք.           

 «...Հռոմի Պապին նման աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ հեղինակութիւններէն մէկուն  Ճշմարտախօսութեան եւ Արդարամտութեան  մասին տրուած վկայութիւնները բնականաբար չեն կրնար չանհանգստացնել Թուրքիան...  որովհետեւ Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան հետամուտ մարդը, առաւել եւս յիսուսեան քահանան, չի՛ կրնար հայասէր չըլլալ։

«...Այն ինչ որ ըսուեցաւ ու գրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հայասիրութեան մասին՝ թերեւս անակնկալ մը եղաւ ոմանց համար կամ  անտարբերութեամբ դիմաւորուեցաւ ուրիշներու կողմէ, սակայն չզարմացուց  Յիսուսեան միաբաններուն կողմէ տարագիր հայ ժողովուրդին  մատուցուած ծառայութիւններուն գիտակ մարդիկը,  որովհետեւ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը իբրեւ հոգեւորական կազմաւորուած է Յիսուսեան Միաբանութեան յարկին տակ։ Միաբանութիւն մը, որուն անդամներէն շատերը քաջ ծանօթ են  հայոց պատմութեան, մշակոյթին, ծէսին եւ Կիլիկեան ոստաններէն մինչեւ  Սուրիոյ անապատները եւ Միջերկրականի ափերը երկարող Խաչի ճանապարհին։ Այս մօտիկութիւնը չէր կրնար  հայասէր չդարձնել յիսուսեանները, որովհետեւ հայասէր ըլլալ կը նշանակէ գնահատել մարդկային, հոգեւոր, մշակութային ու բարոյական արժէքները, հայապաշտպան ըլլալ կը նշանակէ հետամուտ ըլլալ Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան։ Իսկ յիսուսեանները ծանօթ են որպէս Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Խաղաղութեան առաքեալներ։

«...Կարդինալ Խորխէ Պերկոլիոյ արժանթինցի է, Հայոց Ցեղասպանութիւնը առաջինը ճանչցած երկիրներէն մէկուն քաղաքացին։ ... Ծանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան 91-րդ տարելիցին առիթով անոր կատարած կոչը Թուրքիոյ՝ ճանչնալու օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ համայն մարդկութեան դէմ գործուած ծանրագոյն ոճրագործութիւնը։ Կարդինալ Պերկոլիոյ տարբեր առիթներով ալ իր արդարամտութեան ապացոյցը տուած է դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իր համակրանքը յայտնելով հայ ժողովուրդին։

«... Վստահ ենք որ սուրբ Պետրոսի Գահը չէ որ պիտի փոխէ յիսուսեան առաքեալին համոզումները եւ զգացումները,  որքան ալ անոր զբաղեցուցած պաշտօնը Իրեն յաճախ թելադրեն  զգուշաւորութիւն իր ելոյթներուն մէջ...»։

Յայտնապէս չէինք սխալած մեր համոզումին մէջ վերոյիշեալ տողերը յանձնելով թուղթին ի պատասխան անոնց որոնք  կը տարակուսէին կարդինալ Պերկոլիոյի կեցուածքի հետեւողականութեան մասին, ակնարկելով Օպամաներու նմաններուն...։

 

ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆԱԲԱՆՆԵՐԸ՝ ՍՈՒՐԲ ՊԵՏՐՈՍԻ  ԽՈՐԱՆԷՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցին առիթով հայկական բոլոր բեմերէն եւ բոլոր մակարդակներու վրայ բազմիցս  հնչած  նշանաբաններուն միջազգային հնչեղութիւն եւ արձագանգ տալու, համայն աշխարհին ուշադրութիւնը Հայութեան, Հայաստանին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայկական պահանջատիրութեան  վրայ հրաւիրելու  առիթ մը հանդիսացաւ մեծաշուք սուրբ Պատարագը զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Հայոց  Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարեցին առիթով  մատուցանեց Ապրիլի 12¬ին Վատիկանի Սուրբ  Պետրոսի պազիլիքային մէջ։

Արդարեւ, լատինածէս էր պատարագը, սակայն նշանակալից էին կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Սրբազան Քահանայապետի կողքին ներկայութիւնը  Խորանին վրայ՝ իբրեւ համապատարագող, պատարագին սպասաւորումը Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանի նորընծաներուն  կողմէ, Սուրբ Աւետարանին ընթերցումը Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի վանքի նորընծայի մը կողմէ, Սուրբ Կուսի Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ վարդապետին աջակցութիւնը գլխաւոր արարողապետին,  Երանելի Մալոյեանի մեծադիր իւղաներկ դիմանկարին մատուցումը Պապին,  հայկական հիասքանչ շարականներուն կատարումը Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան ԿՌՈՒՆԿ եւ Կիւմրիի Հայ կաթողիկէ ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ զոյգ երգչախումբերուն կողմէ, սուրբ Պատարագի սպասներուն պատարագիչ Քահանայապետին մատուցումը  հայկական տարազ հագած մանուկներու կողմէ, հայկական տուտուկին քաղձրահունչ  ձայնը։ Նշանակալից էին մանաւանդ  յընթացս սուրբ Պատարագին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.  եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսներուն ողջագուրումը Տիեզերական Եկեղեցւոյ պետին հետ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պետրոսի տաճարի ճակատին պարզուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին մեծադիր սրբանկարին հովանիին ներքեւ՝  Հայաստանէն եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանած բազմահազար հայ ուխտաւորներու համախմբումը  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ։ Սուրբ Պետրոսի տաճարի կամարներուն ներքեւ պարզուող այս երեւոյթներուն նպատակն էր իրադարձութեան հետեւող միջազգային հասարակութեան զգացնել արարողութեան հայաբոյր մթնոլորտը եւ էքիւմէնիք երանգը, նաե՛ւ հայոց միաբանութիւնը։ Արդարեւ, անոնք  միաժամանակ հանդիսացան շօշափելի արտայայտութիւնը մենք ուժեղ ենք միասին նշանաբանին։

Այդ օր, 12 Ապրիլին, քրիստոնեայ աշխարհին սիրտը բաբախեց հայ ժողովուրդի ապրումներուն կշռոյթով ՝ շնորհիւ Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակները ոգեկոչելու, Սուրբ Գրիգոր Նարեկային Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու եւ հայկական պահանջատիրութեան ձայնը աշխարհին լսելու դարձնելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի որոշումին։ Այս նպատակով Պապը Սուրբ Պետրոսի Տաճարին խորանը տրամադրեց  նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ   Կաթողիկոսներուն։

Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ 12 Ապրիլին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Տաճարի կամարներուն ներքեւ, այն խօսքերը որոնք արտասանուեցան այդ օր միջազգային լուսարձակները եւ լսափողերը իր վրայ ամէնէն աւելի կեդրոնացուցած  սուրբ բեմէն՝ եկան  հաստատելու որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցը աւարտ մը չէ, այլ մեկնարկ մը՝ որուն զարգացումները օր ըստ օրէ աւելի պիտի բացայայտեն Ճշմարտութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ պիտի հարթեն Արդարութեան յաղթանակին ճանապարհը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 12 Ապրիլին ազդանշանը տուաւ Հայոց պահանջատիրութեան նո՛ր մեկնարկին, առանց վերապահութեան եւ աւելի շեշտակիօրէն աշխարհին յիշեցնելով որ Հայոց Մեծ Եղեռնը՝ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ   «20¬րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը», այնպէս ինչպէս զայն որակած էր իր նախորդը՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետը՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 27 Սեպտեմբեր 2001¬ին երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին հետ ստորագրած փաստաթուղթին մէջ, եւ այնպէս ինչպէս ինք՝ նախքան Պապ ընտրութիւնը երբ Արժանթինի պապական նուիրակն էր, բազմաթիւ առիթներով  ըսած էր։

 

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԱՇԽԱՐՀԱՑՈՒՆՑ ԽՕՍՔԸ

Իր աշխարհացունց խօսքին մէջ հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական  իրողութիւնը, Ֆրանչիսկոս յարեց.¬ «Այսօր ալ ականատես ենք տեսակ մը ցեղասպանութեան, որ հետեւանքն է  ընդհանուր կամ հաւաքական անտարբերութեան, Կայէնի մեղսակից լռութեամբ...։ Կարծես մարդկութիւնը հրաժարած է դաս քաղելէ իր սխալներէն, որոնք հետեւանքն են ահաբեկչութեան օրէնքի։ Այնպէս որ այսօր ալ կան մարդիկ որոնք կը փորձեն բնաջնջել ուրիշները սակաւաթիւ այլոց օգնութեամբ եւ մեղսակից լռութեամբ ուրիշներու, որոնք կանգնած կը նային։

«Սիրելի հայ քրիստոնեաներ, այսօր ցաւով լեցուն սրտերով, բայց միաժամանակ  մեծ յոյսով ի յարուցեալ Քրիստոս, կը յիշենք  այդ ողբերգական իրադարձութեան հարիւրամեակը, այդ վիթխարի եւ անիմաստ սպանդը, որուն դաժանութիւնը ստիպուած եղան տանելու ձեր նախնիք։ Անհրաժեշտութիւն է եւ, յիրաւի, պարտաւորութիւն՝ մեծարել անոնց յիշատակը, որովհետեւ երբ յիշողութիւնը կ՛աղօտի, ասիկա կը նշանակէ որ չարը թոյլ կու տայ որպէսզի վէրքերը թարախակալեն։ Չարիքը քօղարկելը կամ մերժելը կը նշանակէ թոյլ տալ վէրքին արիւնահոսումը՝ առանց դեղի ու դարմանի»։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցին առիթով,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը   հայ ժողովուրդին պարգեւեց երկու անգերազանցելի նուէրներ՝  իր զօրակցութիւնը  Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային ճանաչման արժանացնելու եւ զայն դատապարտելու հայկական պահանջին եւ  Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը։ Այս աննախընթաց պարգեւատրումին արձագանգեցին համաշխարհային ամէնէն հեղինակաւոր լրատուամիջոցները։ Ան դարձաւ միջազգային հասարակութեան ուղղուած կոչ մը ի խնդիր  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին ու դատապարտումին՝ կանխարգիլելու համար ցեղասպանական արարքներուն կրկնութիւնը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին երբ մեզի՝  ինծի եւ տիկնոջս բախտը շնորհուեցաւ համբուրելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի  Աջը եւ  ստանալու  անոր օրհնութիւնը, յուզումնախառն զգացումով Անոր ըսինքՍրբազան Հայր, լսելով Ձեր խօսքը՝ Մեծ Եղեռնի նահատակներուն հոգիները ցնծացին այսօր։ «Ես ալ ուրախացայ։ Աղօթեցէք ինծի համար» պատասխանեց ան, խոնարհաբար ամուր սեղմելով մեր ձեռքը։

Վատիկանի փրոթոքոլի պատասխանատուները առիթը չտուին Անոր ըսելու որ  մեզի հետ համայն հայ ժողովուրդը պիտի աղօթէ Իրեն համար եւ երախտապարտ պիտի մնայ իրեն «ցեղասպանութիւն»  բառը անվախօրէն եւ հակառակ թրքական ուղղակի եւ անուղղակի ճնշումներուն օգտագործած ըլլալուն, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակած ըլլալուն  եւ այս առթիւ համայն հայութիւնը իր պետական եւ հոգեւոր առաջնորդներով Սուրբ Պետրոսի Տաճարի կամարներուն տակ համախմբելուն համար։

                                                                                                                               

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

18 / 04 / 2015

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ