Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2012 - 2013-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ խորհրդանշանի ներկայացում


Վատիկան

2013 յուլիսին Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժենէրօ քաղաքին մէջ կայանալիք երիտասարդութեան համաշխարհային 28-րդ օրուայ խորհրդանշանի ներկայացումը կատարուեցաւ 1 փետրուար 2012-ին, Կլօրիայի Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի անուան լսարանի մէջ ներկայութեամբ՝ Ռիօ Տէ Ժենէրօ Թէմբէսթա արքեպիսկոպոսի եւ խորհրդանշանի հեղինակին։ Սոյն խորհրդանշանը ընտրուեցաւ անցեալ 27 սեպտեմբերին կազմակերպուած մրցոյթին։

Երիտասարդութեան համաշխարդային օրը՝ կը նշուի ամէն տարի, աշխարհի զանազան թեմերու մէջ, իսկ ամէն 2 - 3 տարին անգամ մը, կը կազմակերպուի միջազգային հանդիպում մը՝ որուն ընթացքին սրբազան քահանայապետը հանդիպում կ'ունենայ երիտասարդներու հետ, նշելու՝ Յիսուս Քրիստոսի մեզի թողած՝ սիրոյ, խաղաղութեան եւ միութեան պատգամը։ Այս միջազգային հանդիպումը կը տեւէ ընդհանրապէս մէկ շաբաթ։
Երիտասարդութեան համաշխարդային օրուայ վերջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ անցեալ 2011-ի օգոտոսին Մատրիտի մէջ։ Յառաջիկայ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժենէրոյի մէջ, 23 - 28 յուլիս 2013։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ