Երկուշաբթի, 29 Յունիս 2009 - Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի տօնի մեծ հանդիսութիւնները Պէյրութի մէջ

Լիբանան

 

Կիրակի, 28 Յունիս 2009-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, սուրբ  Գրիգոր Լուսաւորիչի Գիւտ Նշխարաց տօնին առիթով Հայ Կաթողիկէ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայրապետական գոհաբանական սուրբ Պատարագ: Այս սուրբ պատարագին հանդիսապետեց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս - Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը: Սոյն պատարագը մատուցուեցաւ ի դիտաւորութիւն համայնքի բարերարներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին: Այս առթիւ աթոռանիստ եկեղեցին փակեց իր 50ամեակի հանդիսութիւններուն շարքը:

Նոյն օրը, Հայ կաթողիկէ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Գիւտ Նշխարաց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հայրապետական սուրբ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի:

Սկաուտներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ, գերապայծառ հայրը շեշտեց, որ մարդ անհատը ունի հոգի եւ մարմին, սակայն հոգին միշտ պէտք է տիրապետէ եւ իշխէ մարմնին՝ առանց թոյլ տալու, որ մարմինը իշխէ իրեն: «Եթէ կ’ուզենք երջանիկ ապրիլ, պէտք է գիտնանք զանազանել բարին չարէն, կարեւորը՝ կարեւորագոյնէն», հաստատեց Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան: Ան իր խօսքը ուղղելով սկաուտախումբի անդամներուն նկատել տուաւ, որ իբրեւ սկաուտ պէտք է նպատակ ունենալ սրբանալը՝ Յիսուսի նմանիլ իր հեզութեամբ, խոնարհութեամբ եւ քաղցրութեամբ: Ան օրինակ բերաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որուն առջեւ Տրդատ թագաւորը ամէն տեսակի պատիւներ դրաւ, սակայն ան մտածեց, որ ինք եկած է սրբանալու:

Գերապայծառը նշեց, թէ երկու տեսակ ուրախութիւն կայ՝ սրտէն ելլող եւ դուրսէն եկող: Սակայն սրտէն ելլողը աւելի մեծ է, որովհետեւ երբ մեր սիրտը Յիսուսով լեցուած է՝ մեր ուրախութիւնը կ’արտացոլայ մեր աչքերուն մէջ, եւ երանի մեզի, եթէ սրտէն բխած ուրախութիւնը իշխէ դուրսէն եկած ուրախութեան:

«Մենք Յիսուսը ապրելով կը վկայենք ճշմարիտին, մեր ապրումով եւ գործերով կը փաստենք, թէ իրապէս ճշմարիտ սկաուտներ կամ վարդապետներ կամ ծնողներ ենք», շեշտեց գերապայծառը՝ եզրափակելով, որ այդպիսով սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի նման մեր նեղութիւնները կը մեղմանան:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքի համբոյր, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը շրջեցաւ պատրիարքարանի շրջակայ փողոցներուն մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ