Ուրբաթ, 8 Փետրուար 2013 - Վարդանանց տօնահանդէս ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ

Պուրճ Համմուտ

Չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, նախագահութեամբ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ կամակերպութեամբ Պուրճ Համմուտի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան միութիւններուն, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած տօնահանդէս: Ներկայ գտնուեցան արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան, Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ՝ գերյ. Հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, պատրիարքական թեմի պատկանող ժողովրդապետներ, հոգեւորականներ, Զմմառու սաներ եւ մեծ թիւով հայորդիներ:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Եղիկ Պետրոսեան, որ շեշտեց քրիստոնէական եւ հայրենասիրական արժէքներուն վրայ:

Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան փոխանցեց օրուան պատգամը, որուն մէջ յայտնեց թէ «երբեք պարտաւորուած չենք եղած ու պիտի չըլլանք մեր կրօնը ուրանալու` բոլոր պայմաններուն ու պարագաներուն տակ, ի հարկին նահատակներ տալու գնով: Վարդանանց ճակատամարտէն անցած է 1562 տարի, եւ այսօր Վարդանանքը յիշատակի առիթ չէ, այլ` տօնախմբութիւն, որովհետեւ անոնց թափած արիւնը հանդիսացաւ սուրբ Աւետարանի ցորենի հատիկը եւ ոռոգեց հայ ազգին յաւերժութեան ծառը»:

Հանդիսութիւնը ընդգրկեց գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ «Բլբուլ» մանկապատանեկան եւ «Արծիւեան» երգչախումբերուն, Մեսրոպեանի վարժարանի «Շուշի» պարախումբին», որոնք ելոյթ ունեցան տարբեր ներկայացումներով:

Յայտագիրի աւարտին, արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան ներշնչուած Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց խորհուրդներէն հաստատեց  կրօնազգային արժէքներու շուրջ անհրաժեշտ համախմբումը, վառ պահելու համար կտակը ի սպաս հայ ազգի եւ Եկեղեցւոյ յարատեւ բարգաւաճման:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ