Շաբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2011 - Սրբոց Թարգմանչաց տօն Մեսրոպեան վարժարանի մէջ


Պուրճ Համմուտ

Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2011-ի կէսօրուան ժամը 12։30-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ հաւաքուած էին երկրորդական բաժինի աշակերտութիւնը, ուսուցիչներ, տեսչութեան անդամներ, հիւրեր, նշելու համար Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։
Բացման խօսքով հանդէս եկած վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Տիկ. Կարինէ Թաշճեան նշեց, որ ըստ հայկական տօնացոյցի Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած յիշատակի օրը «վաղն է՝ 8 Հոկտեմբերը»։ Այնուհետեւ ան ներկայացուց օրուան բանախօսը, լիբանանահայ գաղութին քաջածանօթ անուն, բեղուն հասարակական գործիչ, լրագրող Պր. Սարգիս Նաճարեանը, որուն «լրագրական-հասարակական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանը մեծ շուքով նշուեցաւ անցեալ տարի եւ իր աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին կրցած է զբաղեցնել տարբեր պատասխանատու պաշտօններ»։
Այնուհետեւ վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Մարինէ Հալլաճեան ասմունքեց «Հայ Լեզուին» բանաստեղծութիւնը, որմէ յետոյ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը, փոխանցելու համար իր խօսքը։
Պր. Սարգիս Նաճարեանին խօսքը եղաւ իւրայատուկ եւ այժմէական։ Ան չխօսեցաւ հայոց գիրերու գիւտարարին կամ այդ գիրերուն եւ թարգմանչաց մասին յատկապէս։ Ինչպէս ինք ըսաւ «ես ուսուցիչ չեմ, այլ լրագրող եմ եւ այդ գործը կը թողում ձեր ուսուցիչներուն»։

 
Անոր իր խօսքը սկսաւ անձնական կեանքէն պատմական ակնարկով մը։ «1969-ին, երբ նոր բացուած էր Պէյրութ-Երեւան օդանաւային չուերթը, ես եղայ լիբանանահայ չորս լրագրողներու շարքին, որոնք հրաւիրուեցան հայրենիք։ Հոն ես բախտը ունեցայ հարցազրոյց մը ունենալու հայ գեղանկարչութեան նահապետին, այն ատեն արդէն 92-ամեայ Մարտիրոս Սարեանին հետ։ Երբ վարպետին հարցուցի, թէ երբ վերադառնամ սփիւռք՝ Լիբանան, ի՞նչ պատգամ տանիմ լիբանանահայ երիտասարդութեան, ան ըսաւ. «կ՛երթաս կ՛ըսես, թող ամուր կառչին իրենց հայ ինքնութեան արժէքներուն, որոնց գլխաւորը՝ հայ լեզուն է»։ Սարեանին պատգամը այսօր ի զօրու է աւելի, քան երբեք, շարունակեց բանախօսը, ապա աւելցուց, որ որ միայն լեզուն չէ մեր գոյութեան հիմնասիւնը, այլ հայ մշակոյթը, աւանդութիւնները, մեր վարքն ու բարքը, մեր կենցաղը։ «Ինքնութիւնը առօրեայ ապրում է», ըսաւ ան։ Խօսելով աշխարհատարած աւելի քան 10 միլիոն հայութեան մասին, ան յորդորեց ներկայ աշակերտութեան միշտ հաղորդակից մնալ սփիւռքի բոլոր գաղութներու ազգային կեանքին, առաւել եւս՝ հայրենի իրականութեան հետ։ Այնուհետեւ ան յատուկօրէն անդրադարձաւ հայրենի պետականութեան վերանկախացման 20-ամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսութիւններուն, յատկապէս սփիւռքի նախարարութեան կողմէն կազմակերպուած համաժողովին, որ կը վայելէր հայրենի պետականութեան հոգածութիւնը եւ 20-ամեակին նուիրուած զինուորական շքահանդէսին, որուն ընթացքին հայրենի պետութիւնը փաստեց, որ 20 տարիներու ընթացքին իսկապէս ձեռք ձգած է անասելի մեծ նուաճումներ։
Օրուան բանախօսին խօսքի աւարտը եղաւ իւրայատուկ երկխօսութիւն մը ներկայ աշակերտութեան հետ, որուն ընթացքին ան տարբեր հարցեր ուղղեց ներկաներուն հայրենիքի մէջ, տարբեր բնագաւառներու մէջ արձանագրուող նուաճումներու մասին որոնց, ի ուրախութիւն օրուան բանախօսին, քաջատեղեակ էր ներկայ աշակերտութիւնը։
Բանախօս Պր. Սարգիս Նաճարեանի խօսքի աւարտին, վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, այս իւրայատուկ եւ մատչելի ոճով դասախօսութեան համար։ «Ուրախ եմ եւ բաւարարուած այսօրուան մեր հանդիպումով, մանաւանդ ձեր՝ սիրելի աշակերտներ, այս դասախօսութեանը ուշի-ուշով հետեւելուն եւ մասնակցելուն համար», աւարտեց իր խօսքը վարժարանի տնօրէնը։

Իսկ հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2011-ի կէսօրուան ժամը 11։30-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ հաւաքուած էին նախակրթարանի աշակերտութիւնը, ուսուցիչներ, տեսչութեան անդամներ, նշելու համար Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։
Բացման խօսքով հանդէս եկած վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Տիկ. Կարինէ Թաշճեան նշեց, որ ըստ հայկական տօնացոյցի Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած յիշատակի օրը 8 Հոկտեմբերն էր։ Յիշատակելով այս օրը, որպէս Սուրբ Մեսրոպի անունը կրող վարժարանի աշակերտներ մեր նուազագոյնը կրնանք ըրած ըլլալ, Մեծն Սուրբ Մեսրոպին, իր ծննդեան 1650 ամեակին առթիւ։ Այն Սուրբ Մեսրոպին, որ եղաւ հայոց գիրերուն գիւտարարը, հայ ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութեան սկզբնաւորողը, հայագիր դպրոցին հիմնադիրը, հայութեան առաջին ուսուցիչն ու լուսաւորիչը, մեր ազգային մշակութային-հասարակական գործիչը եւ քրիստոնէութեան քարոզիչը։
Այնուհետեւ ներկաները հետեւեցան նախակրթարանի խումբ մը աշակերտներու կողմէն պատրաստուած գեղարուեստական բաժինին, որուն ընթացքին 4րդ դասարանցիները ներկայացուցին «Հայոց Այբուբենը» խորագրեալ իւրայատուկ ասմունքը, ապա 3-րդ դասարանէն Կասիա Լեւոնեան նուագեց սրինգի վրայ, իսկ առաջին դասարանէն Յակոբ Թերզեան եւ Բալիկ Տօնիկեան ասմունքեցին գիրքին եւ ընթերցասիրութեան նուիրուած կտոր մը։

Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց վարժարանի հայերէն նիւթերու համակարգող Պր. Ռաֆֆի Տեմիրճեանի խօսքը։ Օրուան բանախօսը իր խօսքին մէջ վեր հանեց հայ ժողովուրդի արժանիքները, յիշեցնելով, որ «աշխարհին մէջ կան բազմաթիւ ժողովուրդներ, որոնք տարբեր միջոցներ ունին իրենց ազգին էութիւնը պահելու համար։ Մեր ժողովուրդին համար այդ միջոցը, ամենազօրաւոր զէնքը եղած է Մեսրոպ Մաշտոցը։ Եթէ մենք չունենայինք Մեսրոպ Մաշտոց եւ հայոց լեզու, այսօր չէինք ունենար հայ վարժարանը՝ Մեսրոպեանը, չէինք ունենար հայոց հայրենիքը, եւայլն»։
Յիշելով այն բոլոր ազգերը, որոնք ձուլուեցան, կորսուեցան աշխարհի երեսէն գիր ու գրականութիւն, լեզու չունենալու պատճառով, Պր. Տեմիրճեան յորդորեց բոլոր աշակերտներուն, ըսելով «ձեզմէ շատեր կը սիրեն եռագոյնը, կը սիրեն Հայաստանը, բայց այս բոլորէն առաջ պէտք է շատ սիրեն հայերէնը եւ լաւ խօսին մայրենի լեզուով։ Իրա¬ւունք չունինք չսիրել եւ չսորվիլ հայերէն»։ Հետեւաբար, զուգահեռ տանելով Թարգմանչաց խորհուրդին եւ հայերէնի պահպանութեան միջեւ, Պր. Ռաֆֆի Տեմիրճեան ըսաւ, թէ մեզ համար միայն մէկ օր չէ, որ պիտի նշուի Թարգմանչաց տօնը, այլ իւրաքանչիւր օր պիտի դառնայ Թարգմանչաց նուիրուած օր, որովհետեւ «ձեզմէ իւրաքանչիւրին պարտքն է պահպանել մայրենին, ինչպէս այդ ըրին ձեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, որոնք կ՛ապրէին անասելի վատ պայմաններու եւ ժամանակներու մէջ, սակայն կը սիրէին իրենց լեզուն ու մշակոյթը, եւ պահելով ու փայփայելով փոխանցեցին ու հասցուցին մեզի։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է դառնայ Մեսրոպ Մաշտոցին զինուորը, սորվի հայերէն, հայոց պատմութիւն, որպէսզի երբ մեծնաք եւ համալսարաններ երթաք, կարենաք այդ սորվածներով պաշտպանել ձեզ ազգային իրաւունքները, ձեր ազգի Դատին պաշտպանը դառնաք։ Պատիւ եւ յարգանք ձեզմէ իւրաքանչիւրին, ով կը խօսի ու կը սիրէ հայերէն լեզուն»։

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ