Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2007 - Հայրապետական Պատգամ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Սկաուտախումբին

 

Պէյրութ, Լիբանան

Կիրակի՝ 4 Նոյեմբեր 2007ին, առաւօտեան  ժամը 10:30-ին, Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ մատուցոիեցաւ Ս. Պատարագ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Սկաուտախումբի 2007-2008 տարեշրջանի բացման առիթով, որուն ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
Յոյժ սիրելի սկաուտներ,

Եկեղեցին միշտ կարեւորութիւն տուած է եւ քաջալերած է երիտասարդներու եւ մանուկներու կազմաւորումի շարժումները: Այս շարժումներէն մին է Սկաուտութիւնը, շարժում մը որ հիմնած է անգլիացի Պատեն Բաօլ, որուն նպատակն էր ժողուել երիտասարդ մանչեր եւ աղջիկներ, աստիճանաւոր խմբակներով, իրենց մէջ զարգացնելու համար բարոյական եւ մարզական յատկութիւնները:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անունով Սկաուտախումբը, որ կը գտնուի այսօր այս ժողովրդապետութեան մէջ, բախտաւորութիւնը ունեցաւ ըլլալու Լիբանանի մէջ առաջին Սկաուտախումբերէն մին, եւ այս տարի ան կը տօնէ իր հիմնարկութեան ութսունամեակը: Բազմաթիւ սերունդներ անցան այս Սկաուտախումբի շարքերէն, որոնք երախտապարտ մնացին, որովհետեւ տարիներով հոգիով եւ մարմինով կազդուրուեցան, եւ ահաւասիկ այսօր՝ խումբը նորանոր անդամներով օժտուած է եւ իր երիտասարդութիւնը եւ աշխուժութիւնը թարմ պահած է:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Սկաուտախումբը ծնունդ առած է դիմացի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վարժարանին մէջ: Իրենց վերջին հոգեւոր վարիչը եղած է լուսահոգի Հ. Սահակ Քէշիշեան վարդապետը: Անոր մահուընէ ետք, խումբը 2 տարի թափառական շրջան մը անցուցած է, մինչեւ որ Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան՝ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետը զայն ընդունեցաւ ժողովրդապետութեան շարժումներու շարքերէն ներս եւ անոր մեծապէս զօրավիգ կանգնեցաւ ու նոր անդամներ հայթութեց անոր: Այսօր խումբը կը հաշուէ մօտ 70 անդամ:
Այսօրուայ Ս. Պատարագը, զոր կը մատուցանէ Հ. Վարդան Վրդ. Գազանճեան, նոր հոգեւոր վարիչը եւ ժողովրդապետը, նուիրուած է 2007-2008 տարեշրջանի գործունէութեան բացումին, ինչպէս նաեւ քանի մը անդամներու սկաուտական կարգերու տուչութեան՝ զոյգ առիթներուն:
Սկաուտութեան գլխաւոր նպատակն է դաստիարակել երիտասարդները քրիստոնէական եւ մարդկային արժէքներով եւ պատրաստել զանոնք, որպէս վաղուան նոր սերունդը, ապագան դիմագրաւելու՝ քաջաբար, Համայնքը եւ Եկեղեցին սիրելով եւ անոնց ծառայութիւններ մատուցանելով: Այս առաքելութիւնը յոյժ կարեւոր է, այսօր աւելի քան երբեք, երբ կը նշմարենք որ կարգ մը երիտասարդներ սկսած են հեռանալ կրօնքէն եւ հետեւիլ սխալ սկզբունքներու եւ օրինակներու, կորսնցնելով այսպէս իրենց կեանքին իմաստը: Ասոնք կը կարծեն թէ կրնան լաւ ապրիլ առանց աղօթքի եւ առանց բարի գործեր կատարելու: Յետագային կ’անդրադառնան, երբեմն ուշ, որ խաբուած էին եւ որ Աստուծմէ հեռու երջանկութիւն չկայ, սրտի խաղաղութիւն չկայ եւ կեանքին թանկագին իմաստը կը կորսուի:
Բենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը կ’ըսէ. «Աստուած կ’ուզէ շնորհել ամէն մարդու երջանիկ կեանք մը եւ տալու անոր կարելիութիւնը հասկնալու կեանքի ճշմարիտ իմաստը»: Եւ կը շարունակէ ըսելով. «Կը մաղթեմ որ երիտասարդները չվախնան դառնալու իրենց հասարակակիցներուն համար առաջին աւետարանիչները: Յաճախ, բարեկամութեան շնորհիւ, երիտասարդները կը մօտենան Քրիստոսին, զայն աւելի կը սիրեն եւ անոր կը կապուին:
Սիրելի Սկաուտներ, խօսքս ձեզի է՝ մի՛ վախնաք ապագայէն, մի՛ վախնաք Յիսուսի առաքեալ ըլլալէ, մի՛ վախնաք ձեր բարեկամները Քրիստոսին մօտեցնելէ: Դուք զձեզ կ’իրականացնէք բարիք գործելով, ծառայութիւն մատուցանելով եւ ժպիտ ու երջանկութիւն սփռելով: Բոլորին ըսէ՛ք որ ամէն մարդ յատուկ կերպով Աստուծմէ սիրուած է, իր անձնական որեւէ դիրք կամ կեանք ունեցած ըլլայ, եւ թէ այս սէրը Աստուած կը նորոգէ ամէն օր, ամէն մարդու համար: Այս ծանօթ ճշմարտութիւնը պէտք է ամէն օր նոր ճշմարտութիւն մը դառնայ՝ անկեղծ սրտի վերանորոգումով:
Այս է իմ հայրական մաղթանքս, սիրելի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Սկաուտներ, ձեզի ուղղուած այսօր այս յատուկ արարողութեամբ, որպէսզի դուք միշտ երջանիկ ըլլաք եւ ուրիշներն ալ երջանիկ դարձնէք: Այս նպատակին կրնաք դիւրաւ հասնիլ ձեր սորված սկզբունքներով, ձեր իմաստաւորուած կեանքով, ձեր մատուցած ծառայութիւններով, ձեր կարգապահութեամբ եւ վերջապէս՝ ձեր տրամադրելիութեամբ:
Կը շնորհաւորեմ ձեր հիմնարկութեան 80ամեակը, կը մաղթեմ սկաուտական կարգը ստացողներուն՝ նուիրումի հոգին, հաւատարմութիւն եւ արթնմտութիւն: Պատասխանատուներուն կ’ըսեմ՝ Ձեր վարձքը կատար:
Սիրելիներ՝ Աստուած ձեզ ամէնքդ օրհնէ:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ