Ուրբաթ, 1 Մարտ 2013 - Գերպ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան` Պատրիարքական Պէյրութի թեմի Ընդհանուր Փոխանորդ

Պէյրութ, 1 Մարտ 2013

Դիւան թիւ 64/13

Գերպ. Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան
Պատրիարքական փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան
Մեծաւոր Զմմառու Տիրամօր վանքին

Յարգելի Գերապայծառ,

Նկատի ունենալով որ Պատրիարքական թեմը թափուր մնաց ընդհանուր փոխանորդէն, Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի անուանումով Առաջնորդ Ֆրանսայի թեմի, եւ նկատի ունենալով որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքը, կանոն թիւ 245, կը պահանջէ որ ամէն թեմին մէջ հաստատուի թեմին ընդհանուր փոխանորդ մը (Protosyncelle), եւ գնահատելով քու մէջդ հովուական փորձառութիւնը եւ համագործակցութեան ոգին, սոյն գրութեամբս քեզ կ'անուանեմ Պատրիարքական Պէյրութի թեմի Ընդհանուր Փոխանորդ, ըստ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքի, թիւ 245էն 251 կանոններու:

Թո՛ղ Զմմառու Տիրամայրը քեզի պաշտպան ըլլայ եւ քեզ լուսաւորէ իր մայրական հոգածութեամբ, որպէսզի կարենաս լաւագոյն կերպով կատարել նշեալ կարեւոր պաշտօնը: Թո՛ղ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան բարեխօս ըլլայ քեզի համար Ամենակալն Աստուծոյ մօտ:

Հայրական օրհնութեամբ՝

+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ