Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2007 - Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանի մէջ


Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2007-ի Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբը ղեկավարութեամբ խմբավար Պարգեւ Թասլագեանի՝ ելոյթ ունեցաւ Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանի «Յովհաննէս Պօղոս Բ.» թատերասրահին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:

«Ֆայհա» երգչախումբը որ կազմուած է 2007-ի սկիզբները կը բաղկանայ 50 անդամներէ, Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եկած, հովանաւորութեամբ Հիւսիսի Միացեալ Քաղաքապետութեան, Սաֆատի հիմնարկի եւ «Ազմ եւ Սաատէ» կազմակերպութեան:

Այս երգչախումբի իւրահատկութիւնը այն է որ արաբական աշխարհի միակ acappella երգչախումբն է որ կրցաւ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցիլ միջազգային մրցոյթ փառատօնի Փօլանտայի մէջ՝ Որսոյի միջազգային փառատօնին 75 խումբերու միջեւ արժանանալով երկրորդ դիրքին:

Խումբին նպատակն է պահպանել եւ տարածել արաբական մշակոյթը ոչ միայն արաբական շրջանակներէն ներս այլ բոլոր աշխարհին:

Ելոյթի յայտագիրը ընդգրկեց երգեր Րահպանի եղբայրներէն, Զաքի Նասիֆէն, Սայյէտ Տարուիշէն, Անտալուսիէն ինչպէս նաեւ Կոմիտասէն եւ էտկար Յովհաննէսեանէն զոյգ երգեր: Ելոյթին իր մասնակցութիւնը ունեցաւ Ռաշայայի Լիբանանեան Գանատական վարժարանի փողերախումբը Զաքի Նասիֆի «Թալլու Ահպապնա» երաժշտական կտորով:

Փակման խօսքին համար բեմ հրաւիրուեցաւ Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը որ ողջունելէ ետք ներկաները Իր գնահատականը տուաւ երեկոյի մասին շնորհակալութիւն յայտնելով Տոքթ. Էտուար Թորիկեանին արաբական երգերը մեծ վարպետութեամբ դաշնաւորելու համար որ արդիւնք է երկարատեւ փորձառութեան, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց տաղանդաւոր խմբավար Պարգեւ Թասլագեանին եւ երգչախումբի անդամներուն իրենց գեղեցիկ կատարման համար: Հոգեւոր Տէրը շեշտեց կարեւորութիւնը հաւատարիմ մնալու ազգային մշակոյթին, դէմ դնելու համաշխարհայնացումի բոլոր սպառնալիքներուն որ կը ջանան ջնջել ազգերու իւրայատկութիւնները նիւթական շահերու համար, սակայն արուեստը եւ մշակոյթը աւելի բարձր են քան նիւթական արժէքները եւ արուեստի մարդիկ ինչպէս Շօբան, Մօզարդ եւ Պէթհօվըն պատմութեան մեծերն են եւ կը պատկանին բոլոր զարգացած ժողովուրդներուն: Հոգեւոր Տէրը հանդիսատէսին ուշադրութիւնը հրաւիրեց դէպի այն կարեւոր գաղափարը՝ որ կը թելադրէ սիրել մշակոյթը եւ կառչած մնալ անկէ փխած բարոյեական արժէքներուն եւ այդ կառչածութիւնը հանդիսանայ որպէս գրաւական այդ հաւատարմութեան:

Խօսքի աւարտին Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց Թրիփոլիի Միացեալ Քաղաքապետութեան տնօրինելու այս բացառիկ միջոցառումը եւ քաջալերելու իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ աշխատանք, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Հոգի համալսարանին որ առաջնահերթ է կրթական,կրօնական եւ մշակութային ծիրերէն ներս, հիւրընկալելու համար երաժշտական երեկոն մաղթելով յարատեւ յառաջդիմութիւն բոլոր անոնց որոնք կը ջանան աշխատիլ բարձր պահել մեր շատ սիրելի Հայրենիք՝ Լիբանանանը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ