Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2012 - Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կոչը Սուրիոյ համար


Վատիկան

Չորեքշաբթի 7 հոկտեմբերի` հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, Սուրիոյ ի նպաստ կոչ մը ուղղեց, որուն մէջ յայտնեց իր զօրակցութիւնն ու հոգեւոր մօտիկութիւնը Սուրիոյ բնակչութեան ու քրիստոնեայ հասարակութեան։

Մտահոգութեամբ կը շարունակեմ հետեւիլ Սուրիոյ ողբերգրական իրավիճակին, ուր բնակչութեան տառապանքը օրէ օր աւելիով կ'աճի - ըսաւ Սրբազան Հայրը- եւ ապա մատնանշեց «մի քանի շաբաթ առաջ յայտնած՝ իր ու եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հայրերու ցանկութեան» Վատիկանեան պատուիրակութիւն մը Սուրիա ուղղարկելու, ընգծելով որ զանազան իրադարձութիւններու պատճառաւ այս առաքելութիւնը կարելի չեղաւ իրագործել։

Առ այդ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - որոշեցի «Գոր Ունում- Մէկ Սիրտ» Քահանայապետական բարեգործական Մարմնի նախագահ՝ Կարդինալ Րոպէր Սարային յանձնել յատուկ առաքելութիւն մը։ Ան մինչեւ 10 նոյեմբեր Լիբանան կը գտնուի եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ եկեղեցական անձնաւորութիւններու հետ եւ պիտի հանդիպի սուրիացի գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ պիտի նախագահէ կաթողիկէ մարդասիրական ու բարեգործական կազմակերպութիւններու համաժողով մը, Սուրիոյ բնակչութեան ի նպաստ օժանդակութիւններ համադրելու նպատակով։

Մինչ աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած կը նորոգեմ կոչս բախումներու զինեալ խումբերուն եւ բոլոր անոնց որոնք Սուրիոյ բարիքը կ՛ուզեն, իր չխնայեն խաղաղութեան հաստատումի իրենց ճիգերը ու երկխօսութեան ճամբով, շարունակեն դիմել արդար համակեցութեան ուղիին եւ քաղաքական հարցի ու ընդհարումներու լուծման։ Երբեք ուշ չէ խաղաղութեան ի սպաս գործելու» եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=636597


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ