Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2009 - Սարկաւագութեան Ձեռնադրութիւն Հռոմի Մէջ

Հռոմ, Իտալիա

Կիրակի՝ 8 Մարտ 2009-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ առաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ զոր մատոյց  Տանն Կիլկիոյ Կաթղիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.  Կաթողիկոս Պատրիարքը, առընթերակայութեամբ գեր. հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեանի՝ փոխ տեսուչ Լեւոնեան Հայ դպրեվանքի եւ գեր. հայր Միքայէլ վրդ. Ուչառի: Ս. Պատարագին ընթացքին, ձեռամբ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ եղբայր Լեւոն Յովհաննէսեան ստացաւ սարկաւագութեան կարգը: Այս առթիւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը նաեւ կիսասարկաւագի աստիճան շնորհեց Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժաչանգաւորներէն եղբայր Գէորգ Պահեանի եւ հռոմահայ գաղութէն Ումպերթօ Ահարոնեանին:

Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու եւ Լեւոնեան Հայ Դպրեվանքի ժառանգաւորաց երգչախումբը ղեկավարութեամբ եղբայր Եղիշէ Ճէնճիի:

Ս. գրային ընթերցումէն ետք Ամեն. Հոգեւոր Տէրը հետեւեալ քարոզը արտասանեց.

Գերյարգելի եւ Գերապատիւ վարդապետներ
Յարգոյապատիւ Սարկաւա•ներ
Առաքինազարդ Քոյրեր
Սիրեցեալ ապագայ քահանաներ
Պատուական հարազատներ եւ հաւատացեալներ
Յոյժ սիրելի Տէր Լեւոն եւ ազնուափայլ տիկին Յովհաննէսեան,

 Այսօր կը սկսինք Քառասնորդաց շրջանին երրորդ շաբաթը, որ նուիրուած է Անառակ Որդիին:
 Անառակ որդիին առակը կը պարունակէ ամէն մեղաւոր մարդու անկումներու եւ ապաշխարութեան հանգրուանները: Ասոր համար այս առակը մեզի կը յայի, քանի մենք ալ մեղաւոր ենք: Անառակ որդին ոչ միայն ճանչցաւ իր սխալը այլ եւ զղջումի ճամբան բռնեց: Անոր օրինակը օգտակար է մեզի երբ յանկարծ նշմարենք որ մեղքը, որ կը կարծէինք թէ մեզի ուրախութեան եւ յաջողութեան պատճառ պիտի ըլլայ, մեզ ցեխի մէջ կը ձգէ, եւ ողորմելի կը զգանք մենք զմեզ մեր մեղաւորի վիճակին պատճառով, ճիշդ անառակ որդիի նման: Այս առակը մեզի կը ցուցնէ նաեւ թէ որք՜ան Աստուած գթած եւ բազումողորմ, կ’ընդունի մեղաւորին զղջումը եւ կրկին զայն կը հագցնէ ճերմակ պատմուճանով, որ նախապէս իրեն տրուած էր Ս. Մկրտութեան աւազանին մէջ: Քանին՜եր, խորհրդածելով այս առակին մասին, զղջացին իրենց սխալներուն վրայ եւ վերագտան սրտի խաղաղութիւնը ապաշխարութեան Ս. Խորհուրդով: Ոմանց աչքերը արցունքով լեցուեցան սքանչացած ըլլալով Աստուծոյ անհուն սէրէ եւ անսահման գութէ իրենց հանդէպ:
 Ուստի, սիրելիներս, այս շաբթուան մեր բնաբանը թո՛ղ ըլլայ. «Աստուծոյ վերադառնալ անառակ որդիի նման», որպէսզի կարենանք վայելել երկնաւոր Հօր հայրական գուրգուրանքը եւ հիանալ անոր համբերութեան եւ իմաստութեան վրայ: Ասիկա սակայն մեզմէ կը պահանջէ սրտի անկեղծ խոնարհութիւն, խոր համոզում եւ կամքի հաստատ ոյժ:
 Այսօր հաւագուած ենք Սարկաւագութեան կարգի տուչութեան համար, ձեր սիրելի եղբայր Լեւոն Յովհաննէսեանին, ինչպէս նաեւ կիսասարկաւագութեան եւ փոքր կարգերը տալու համար սիրելի եղբայր Գէորգ Պահեանին, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ խորանի սպասաւոր եւ ձեզի քաջ ծանօթ՝ Տիար Ումպերթոյ Ահարոնեանին:
Սարկաւագութեան կարգը, որ քիչ առաջ փոխանցեցի եղբայր Լեւոնին, հաստատուած է Առաքեալներու կողմէ, իսկ փոքր կարգերը՝ Եկեղեցւոյ կարգադրութիւնն է: Կը կարդանք Առաքեալներու Գործերու գիրքին մէջ թէ՝ երբ հաւատացեալներուն թիւը բազմացաւ եւ անոնց կարիքները շատցան, առաքեալները ըսին. «Մեզի չի վայելեր Աստուծոյ խօսքը ձգել եւ սեղաններու ծառայութիւն ընել» (6,2): Ասոր վրայ, եօթ սարկաւագներ ձեռնադրեցին, որոնց առաջինը՝ Ստեփանոսն էր, որ առաջինը եղաւ հետեւելու իր Տիրոջ զոհաբերութեան ուղիին եւ դարնալու՝ նախավկայ Քրիստոսի եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Սարկաւա•ներուն առաջին գործը եղաւ հոգ տանիլ այրիներուն եւ աղքատներուն, նաեւ նիւթական եւ դրամական ինչքերը մատակարարելու: Յետագային՝ անոնց պաշտօնը եղաւ Սուրբ Սեղանին կենալ Եպիսկոպոսին կամ Քահանային քով եւ անոնց աջակցիլ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աւետարանը երգել արարողութիւններուն ժամանակ: Անկէ վերջ, արդի Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքը տրամադրեց որ, ժողովրդապետի խնդրանքին վրայ, Սարկաւագը կրնայ քարոզ տալ եւ հարկաւորութեան պարագային՝ մկրտութեան խորհուրդը մատակարարել: Կանոնագիրքը կը տնօրինէ նաեւ, երբ պահանջը ներկայանայ, որ Սարկաւագը բաշխէ Սուրբ Հաղորդութիւնը հաւատացեալներուն (կան. 610«3; 677«2; 709«1): Այս կարեւոր պաշտօններէն զատ, Սարկաւագը աջակից պէտք է ըլլայ ժողովրդապետին հովուական բոլոր գործերուն մէջ, անշուշտ ըստ ժողովրդապետի ցուցմունքներուն եւ անոր հաւանութեամբ:
Սարկաւագը պարտի ամէն օր ժամասացութեան աղօթքները կատարել Եկեղեցւոյ անունով եւ փնտռել Յիսուսի մտերմութիւնը, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը լիացնէ իր սիրտն ու հոգին, եւ անձնական ու մարդկային հաշիւներէ հեռու մնայ, այլ կատարէ ամէն ինչ Աստուծոյ կամքին համեմատ իբր Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտ: Ան պարտի նաեւ անընդհատ կերպով զարգանալ, որպէսզի կարողանայ ուղիղ վարդապետութիւնը ուսուցանել եւ քրիստոնեայ ճշմարտութիւնները պաշտպանել սխալ գաղափարներու եւ տարածուած թիւր հոսանքներու դէմ: Ըստ մեծ աստուածաբանի՝ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիին. «Սարկաւագը վարդապետ է, այսիքն՝ ուսուցիչ եւ դաստիարակ ժողովուրդին» (Մեկն. Պատ.): Ասոր համար, ան Սարկաւագութեան պատիւի արժանի է, քանի իր «կարգը, կ’ըսէ մեծ հայրապետը, Սուրբ Ներսէս Շնորհալին, մարդոցմէ չէ եւ ոչ ալ մարդու միջոցաւ» այլ՝ Աստուծմէ է: Արդարեւ, ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին, նշմարեցինք որ քահանաները իրենց աջը կը դնեն թեկնածուի ուսին վրայ եւ ձեռնադրիչ Հայրապետը՝ անոր գլխուն վրայ եւ կը հնչեն նշանակալից սա աղօթքը՝ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ», մատնանշելու համար, թէ տրուած կարգը երկնաւոր շնորհք մըն է եւ ոչ մարդկային գործ:
Մինչեւ այսօր, Արեւելեան եկեղեցիներուն մօտ տարածուած է մնայուն սարկաւագի դրութիւնը, վերոյիշեալ հարկաւոր պաշտօնները կատարելու համար: Լատին եկեղեցին ալ, որ երկար ժամանակ մոռացութեան ձգած էր այս պաշտօնը, զայն վերահաստատեց եւ անոր մեծ կարեւորութիւն սկսած է ընծայել: Դպրեվանքներուն մէջ Սարկաւագութեան Կարգը կը տրուի առ ի պատրաստութիւն Երիցութեան Կարգին, որ դպրեվանքին կարեւորագոյն նպատակն է, ուր նորընծան կը ստանայ տարիներու ընթացքին իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան լուրջ դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ քահանայական կեանքի կազմաւորումը իր մեծաւորներու կողմէ:
 Սրտի ողջոյն մը կ’ուզեմ ուղղել Տէր Լեւոնի, կիսասարկաւա• Գէոր•ի եւ Ումպերթոյի հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ծանօթներուն, որոնցմէ ոմանք հեռուէն ժամանած են մասնակցելու համար իրենց սիրելիներուն երջանկութեան, ինչպէս նաեւ Լեւոնեան դպրեվանքի պատասխանատուներու եւ ժառան•աւորներու ուրախութեան, եւ ամէնքս միասին Ամենակալ Աստուծոյ •ոհաբանական աղօթք բարձրացնելու քահանայակոչութեան վսեմ շնորհքին համար:
 Թո՛ղ պայծառանայ Քրիստոսի Եկեղեցին:
 Թո՛ղ բար•աւաճի Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը:
 Թո՛ղ այս տարին, որ Ս. Պօղոս Առաքեալին նուիրուած է, մեծ Առաքեալը մեզ եւ մեր հո•ատարութեան յանձնուած ժողովուրդը աւելի մօտեցնէ Քրիստոսին եւ մեր առաքելութեան նպատակակէտին, որ է նաեւ աղբիւրը մեր յոյսին եւ եռանդը մեր սիրոյն:
 Թո՛ղ Քառասնորդաց այս կարեւոր շրջանը լուրջ պատրաստութիւն ըլլայ վայելելու համար Ս. Յարութեան ուրախութիւնները:
 Թո՛ղ նորանոր ձեռնադութիւններով ճոխանայ մեր կղերական դասը քանակով բայց մանաւանդ որակով, որպէսզի կարողանանք ընդառաջել մեր համաշխարհասփիւռ համայնքներու կարիքներուն, բարեխօսութեամբ Ս. Կոյս Աստուածածնի եւ բոլոր մեր Սուրբերուն. Ամէն:

Յաւարտ սրբազան արարողութեանց եւ ներկաներու շնորհաւորութիւններուն, հիւրերը ուղղուեցան եկեղեցւոյ կից Լեւոնեան դպրեվանքի դահլիճը, ուր պատրաստուած էր ճոխ հիւրասիրութիւն մը:
Հայ Կաթոսիկէ եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէի անձնակազմը կը շնորհաւորէ նոր սարկաւագ տէր Լեւոն Յովհաննէսեանը մաղթելով որ հասնի քահանայութեան կարգին, կը շնորհաւորէ նաեւ եղբայր Գէորգ Պահեանը եւ Ումպէրթօ Ահարոնեանը եւ անոնց հարազատները:   

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ