Երեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2012 - Սրբազան Քահանայապետին պատգամը Գաղթականներու 99-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ


Վատիկան

Գաղթականներու 99-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, իր յղած պատգամին մէջ, կը պաշտպանէ գլխաւորապէս «չգաղթելու իրաւունքը»։ Այս օրը պիտի նշուի 13 յունուար 2013-ին, «Արտագաղթերը՝ հաւատքի եւ յոյսի ուխտագնացութիւն» թեմայով, որ ընտրած է Սրբազան Պապը, զուգահեռ Հաւատքի Տարուան, Վատիկանի Բ. ժողովի յիսնամեայ յոբելեանին եւ Պիոս ԺԲ. գաղթականութեան մասին «Exsul familia» առաքելական յորդորագիրին 60 ամեակին։

«Սիրելի եղբայր եւ քոյր գաղթականներ, թող այս համաշխարհային օրը վերանորոգէ ձեր վստահութիւնը եւ յոյսը Տիրոջ հանդէպ, որ միշտ մեր հետ կը մնայ», յայտնեց Սրբազան Քահանայապետը, կոչ ուղղելով ճանչնալու Աստուծոյ դիմագիծը «բարի գործերուն» եւ «ընդունելութեան ու հիւրընկալութեան վկայութիւններուն» միջոցաւ գաղթականութեան մէջ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ