Չորեքշաբթի, 11 Յուլիս 2012 - Պօղոս արքեպ. Գուսանի յուղարկաւորութիւնը


Պէյրութ

Չորեքշաբթի, 11 յուլիս 2012, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը նախագահեց հանգուցեալ Պօղոս արքեպ. Գուսանի յուղարկաւորութեան արարողութեան, որուն մասնակցեցան արհիապատիւ տիարք՝ Յովհանէս եպս. Թէյրուզեան, Օգոստինոս եպս. Քուսան, Զմմառու Վանքի մեծաւոր՝ գերյ. Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան, թեմին ժողովրդապետները, վարդապետներ, քահանաներ ու սարկաւագներ։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան այլ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ինչպէս՝ մարոնիթ Պատրիարքին ներկայացուցիչը, յոյն կաթողիկէ պատրիարքին ներկայացուցիչը, լատիններու առաջնորդը եւ ասորի կաթողիկէ համայնքին Պէյրութի առաջնորդը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամներ:

Յընթացս յուղարկաւորութեան, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը արտասանեց հետեւեալ դամբանականը։
«Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք, Գերյարգելի, Գերապատիւ վարդապետներ, Արժանապատիւ քահանաներ եւ Յարգոյապատիւ Սարկաւագներ.
Հանգամանաւոր անձնաւորութիւններ՝ նախարարներ, երեսփոխաններ, բարձրաստիճան զինուորականներ, հայկական կուսակցութիւններու, ազգային կազմակերպութիւններու, Միութիւններու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ.
Առաքինազարդ քոյրեր, եւ յատուկէն ննջեցեալին հարազատ քոյրը՝ Քոյր Ժիւլիէն.
Բարեպաշտ եւ սգակիր հաւատացեալներ,
«Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, մտի՛ր Տիրոջդ ուրախութեան մէջ» (Մտթ. 25, 21)
Յիսուսին այս խօսքը կարելի է ճշմարտապէս վերագրել իր հաւատարիմ ծառային՝ ննջեցեալ Պօղոս Գուսան Գերապայծառին։
Աւազանի անունով Գէորգ, ան ծնած է Հալէպ 9 Սեպտեմբեր 1917-ին, զաւակը՝ բարեպաշտ եւ բազմանդամ ընտանիքի մը, որ 1 մանչ՝ հանգուցեալը եւ 3 աղջիկ՝ մայրապետներ Աստուծոյ նուիրած է։
Փոքր տարիքին, Գէորգ նախ Վիեննայի Մխիթարեան Հայրերու դպրեվանքը կը մտնէ, Աստուծոյ փառք տալու համար եւ կրօնաւորական ու քահանայական վիճակին մէջ աւելի լաւ ծառայելու իր հայրենակիցներուն: Յետոյ, Հռոմ կը մեկնի, Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանը, ուր իմաստասիրութիւն, աստուածաբանութիւն եւ եկեղեցական ու հայկական գիտելիքներ կ’ուսանի, եւ Հռոմի մէջ քահանայ կը ձեռնադրուի 13 Ապրիլ 1941-ին։ Կը վերադառնայ իր թեմը՝ Հալէպ, ուր զանազան պաշտօններ կը ստանձնէ, մանաւանդ՝ իբր ժողովրդապետ եւ որպէս դպրոցի տնօրէն։
Անոր հոգեւոր եւ մարդկային բարեմասնութիւններուն գիտակցելով, Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը զինք Պատրիարքական Փոխանորդ կ՚ընտրէ Դամասկոսի Առաջնորդութեան, եւ 21 Դեկտեմբեր 1969-ին Եպիսկոպոս կ’օծուի ձեռամբ Ամենապատիւ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին։ 27 Յունիս 1983-ին կ՚անուանուի Պաղտատի Արքեպիսկոպոսական Աթոռին Առաջնորդ, զոր աչալրջութեամբ տասնութ տարի կը կառավարէ: Իր Առաջնորդութեան ժամանակ, Արհիապատիւ
Արքեպիսկոպոսը կառուցեց նոր Առաջնորդարան մը եւ հայոց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ գեղեցիկ Եկեղեցին, Պաղտատին մէջ։
Յառաջացած տարիքին պատճառով, 2001ին իր պաշտօնէն կը հրաժարի։ Սակայն, աշխոյժ Գերապայծառը միշտ զբաղում կը փնտռէր եւ զայն կը գտնէր աղօթքէն ետք, ընթերցումներուն մէջ եւ թարգմանութեան գործերով։ Միշտ պատրաստ էր Օգտակար ըլլալու եւ յաճախ դուռեր կը զարնէր հարցնելու համար թէ իրեն յանձնելիք գործ մը կա՞յ արդեօք։
Ան սիրով ստանձնեց ժամանակաւոր կերպով Պարսկաստանի եւ Երուսաղէմի մեր համայնքներու հոգ հոգւոցը, ինչպէս նաեւ Պաղտատ մեկնեցաւ զիս փոխարինելու համար իր նորընտրեալ յաջորդին՝ Էմմանուէլ Արքեպիսկոպոս Տապպաղեանի Գահակալութեան արարողութեան։
Երբ ծանրօրէն հիւանդացաւ, քաշուեցաւ ալեւոր եկեղեցականներու հանգստեան տունը։ Ամէն տեղ ուր կը գտնուէր, ծերանոց թէ հիւանդանոց, իր հոգեւոր կեանքով, քաջալերական խօսքով եւ անընդհատ աղօթքով, բոլորին համար՝ մայրապետներուն թէ հիւանդապահներուն բարի օրինակ կը հանդիսանար։ Իրեն մօտեցողները կը հիանային իր արթնամտութեան եւ օծուն խօսքերուն վրայ։
Յիշատակութեան արժանի է, այն որ իր բնակութեան ժամանակ Պատրիարքարան 2003-էն ի վեր եւ մասնաւորաբար իր հիւանդութեան ատեն, ալեւոր Գերապայծառը վայելեց Արհի. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի մասնայատուկ հոգածութիւնը։
Կեանք մը լեցուն հովուական գործերով եւ ամէն տեսակ ծառայութիւններով, Քուսան Գերապայծառը երկար հիւանդութենէ մը ետք, իր հոգին կ՚աւանդէ առ Երկնաւոր Հայր, ընդունելէ ետք մխիթարութեան Հիւանդաց Խորհուրդները։
Քուսան Գերապայծառին յիշատակը անմոռանալի պիտի մնայ բոլոր անոնց մօտ, որոնք առիթը ունեցան զինք ճանչնալու իր օրինակելի հոգեւոր կեանքով, իր խոնարհութեամբ եւ զուարթ նկարագրով։ Ան ոչ վարձատրութիւն եւ ոչ պատիւ կը սպասէր, այլ՝ միմիայն Աստուծոյ մեծ ողորմութիւնը։ Ասոր համար ան արժանի է հիմա լսելու Յիսուսի սփոփարար հետեւեալ խօսքը. «Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, մտի՛ր Տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մտթ. 25, 21). Ամէն»։

Ապա, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ընթերցեց ցաւակցական ուղերձները, զորս Հոգեւոր Տէրը ստացած է Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի ընդհանուր քարտուղար կարդինալ Պերթոնէէն, մարոնիթ պատրիարք Պշարա Ալ Րաիէն, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ կարդինալ Սանտրիէն, Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ Արհի. Քաչչիայէն եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներէ։

Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք, հանգուցեալ գերապայծառ տիրոջ մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համմուտի հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մատուռը, ուր տեղի ունեցաւ հայրապետական գերեզմանի արարողութիւնը, որմէ ետք միաբան հայրերը հայրապետին դագաղը զետեղեցին թեմական դամբարանին մէջ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ