Հինգշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2008 - Ամեն.Հոգեւոր Տիրոջ Խօսքը Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին


 Սիրեցեալ Սիւնհոդոսական Հայրեր եւ պատուարժան հրաւիրեալներ,

Հայցելէ ետք սուրբ Հոգիին եօթնարբեան շնորհքները, Ձեզ կ’ողջունեմ եղբայրական սիրով եւ բաց կը հռչակեմ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը:
 Անցեալ ամիսներուն, քահանայական եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւններ տեղի ունեցան: Քահանայական կարգը ստացան 11 Յունիսին Հռոմ՝ պոլսահայ Տէր Միքայէլ Սրկ. Ուջար, 29 Օգոստոսին Հեշտիա՝ վրացահայ Տէր Անտոն Սրկ. Տէր-Անտոնեան՝ ամուսնացեալ եւ 12 Սեպտեմբերին Փանիկ՝ հայաստանցի Տէր Նարեկ Սրկ. Թադէոսեան՝ ամուսնացեալ: Սարկաւագի կարգը ստացաւ 20 Յուլիսին Պէյրութ՝ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան:
Փետրուար 22ին, բերկրալիր առիթը ունեցանք ներկայ գտնուելու սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի սահմանակից սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Հրապարակին բացումին եւ օրհնութեան արարողութեան՝ նախագահութեամբ Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին: Սիւնհոդոսական Հայրերէն զատ ներկայ էին մեր համայնքէն քահանաներ, մայրապետներ եւ զանազան երկիրներէ ժամանած ուխտաւորներ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներու ինչպէս նաեւ երկու Վեհափառներու հրաւիրուած ներկայացուցիչները, Հայ դեսպաններ եւ կուսակցութիւններու պատուիրակներ, Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորները եւ Հռոմի Հայ գաղութէն հաւատացեալներ:
Այս ազգաշէն եւ հայանպաստ բացառիկ դէպքը մեծ արձագանգ ունեցաւ հայութեան մէջ հայ մամուլի շնորհիւ: Աստուծոյ հազար փառք տա՛նք: Սրբազան Քահանայապետին երախտապարտութեան նամակ ուղարկեցի իմ եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ հայութեան անունով:
Անցեալ Սիւնհոդոսի որոշումին համաձայն Հովուական այցելութիւններ կատարելու, Հայաստանի Կաթողիկէ բոլոր կեդրոնները կրցայ այցելել անցեալ Ապրիլին, բացի Տաշիրէն եւ Սպիտակէն, երբ հրաւիրուեցայ մասնակցելու նորընտիր նախագահ Սերժ Սարգիսեանի երդման արարողութեան : Այս առիթով, Արհի. Տէր Նշան Գերապայծառը Հայաստան եւ Վրաստան գործող քահանաները եւ քոյրերը հրաւիրեց Քանաքէռ՝ ինծի հետ տեսնուելու համար: Մէկ շաբթուայ ճամբորդութեանս ինծի ընկերացաւ Գերպ. Հ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան:
Անցեալ Յուլիսին, ընկերակցութեամբ Գերպ. Հ. Ռափայէլ Թ.Ծ.Վ. Մինասեանի, կրկին անգամ Հայաստան մեկնեցայ: Ամէն անգամ որ հայրենիքը այցելեմ, եղբայրական պարտք կը համարեմ Գարեգին Բ. Վեհափառին այցելութիւն տալ: Պէտք է նշել որ Վեհափառը ջերմ եւ հիւրընկալ վերաբերմունք ունեցաւ ինծի եւ Գերապայծառ Նշանին հանդէպ: Այս առիթով, այցելեցի Տաշիրի հայ քոյրերու կեդրոնը, ուր գոյութիւն ունի նաեւ Քարիտասի ծերերու խնամատար գործունէութիւնը: Այցելեցի նաեւ Մայր Թերեզայի թերաճներու համալիրը՝ Սպիտակ: Ծաղկաձորի ամառնային ճամբարներու յատկացուած լայնածաւալ Հայ Քոյրերու սեպհականութեան մէջ, յարդարուած կայ կոկիկ մատուռ մը Քոյր Արուսեակի խնամքով: Անոր օծման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ մեծ հանդիսութեամբ: Կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ, դեսպաններ, հիւպատոսներ եւ բարերարներ՝ Ռուսաստանէն, Լեհաստանէն, Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէն յատուկ կերպով ժամանած էին հոգեպարար օծման արարողութեան ներկայ գտնուելու համար:
Հայաստանի մօտ Լիբանանի դեսպանին տունը ճաշի հիւրասիրուելէ ետք, ուղղուեցանք Աշոցք եւ անկէ՝ Վրաստան: Երեք օրուայ ընթացքին, 14 գիւղ կրցայ այցելել մատուցանելով հինգ Հայրապետական սուրբ Պատարա•ներ:  Բնակչութեամբ զուտ հայ կաթողիկէ գիւղերը խանդավառ ընդունելութիւն վերապահեցին ինծի, նկատի ունենալով որ պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք մը իրենց կ’այցելէր: Հազիւ ժողովուրդը հաւաքուած էր Եկեղեցի զանգակի հնչիւնը լսելով եւ կամ սուրբ Պատարագի քարոզէն առաջ, Արհի. Գարաքէհէեան Գերապայծառը համբերութեամբ կը բացատրէր հաւատացեալներուն ով ըլլալս եւ այցելութեանս նպատակը, քանի անոնք միայն Վեհափառ Գարեգինին անունը լսած էին: Մեծապէս յոգնեցուցիչ բայց հոգեպէս մխիթարական ճանապարհորդութիւն մը եղաւ, պատմական բնոյթ հանդիսանալով: Ամէն գիւղ իր յատկուոթիւնները ունի, իր կարիքները ունի եւ իր ճառախօսներն ալ ունի: Տպաւորիչ էին այն հաւատացեալները, որոնք աղաչանքով եւ գրեթէ ստիպումով կ’ուզէին Հայր Սեդրաքը իրենց մօտ պահել: Ամէն գիւղին համար նշմարելի էր մնայուն հովիւին կարիքը:
Աստուծոյ կամքով կը յուսամ կարենալ շարունակել թեմերուն հովուական այցելութիւնները կատարել , ըստ նախատեսուած ցանկին:(...):
Սիրեցեալ Սիւնհոդոսական Հայրեր,
28 Ապրիլ 2008 թուակիր իմ կոչ նամակովս Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին համար, Ձեզի հաղորդած էի Սիւնհոդոսի դռնբաց եւ դռնփակ նիստերու օրակարգին նախատեսուած նիւթերը, Ձեզմէ խնդրելով առաջարկուելիք այլ նիւթեր: Ասոր հիման վրայ, ներկայ օրակարգը պատրաստեցի: Սոյն օրակարգը սակայն ենթարկուած կը մնայ Սիւնհոդոսական Հայրերու հաւանութեան՝ նիստերու բացումին (կանոն 108և2): Անկէ զատ, իւրաքանչիւր Եպիսկոպոս իրաւունք ունի նոր նիւթեր ներկայացնելու Սիւնհոդոսի ընթացքին, պայմանաւ որ, ներկայ անդամներուն մէկ երրորդը համաձայն գտնուի (Կանոն 108և3):
Որդիական սրտով դիմե՛նք Զմմառու Տիրամօր, աղաչելով իր հովանաւորութիւնը մեր Սիւնհոդոսական աշխատանքներու վրայ, որպէսզի կարենանք հեռատեսութեամբ եւ լայնախոհութեամբ որոնել մեր Համայնքին առաջնահերթ կարիքները, մանաւանդ քահանաներուն հարցը ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդութեան վիճակը: Թո՛ղ Սուրբ Կոյս Մարիամին մայրական եւ հզօր բարեխօսութիւնը բոլորիս վրայ ըլլայ եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը բարեխօսէ մեզի համար:  
      


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ