Երեքշաբթի, 31 Մայիս 2011 - «Լեռնային Ղարաբաղի» նուիրուած գիտաժողով Հռոմի մէջ


Հռոմ

Հռոմի Սան Մարգօ հրապարակը գտնուող Միջազգային Կազմակերպութեան ի նպաստ Իտալական Ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի» նուիրուած գիտաժողով մը, կազմակերպուած սոյն ընկերակցութեան եւ Իտալիոյ պետութեան մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութեան կողմէ, որուն մասնակցեցան ոչ միայն հայեր, այլ նաեւ՝ մեծ թիւով իտալացի գիտաշխատողներ, դպրոցականներ, զանազան կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մամուլի գործակիցներ, ինչպէս՝ Վատիկանի Ձայնասփիւռի հայկական բաժինը եւ «Խաղաղութեան Ձայն» հեռուստակայանը։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խորացնելու՝ պատմական եւ քաղաքական զանազան նիւթեր, Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Այս առթիւ ներկայացուեցան երկու հատորներ Լեռնային Ղարաբաղի մասին. մին՝ հայրենի Փրօֆ. Նիքոլայ Յովհաննէսհեանի՝ «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը» գիրքի իտալերէն թարգմանութիւնը, որ կը նկարագրէ Ղարաբաղի բնակչութեան կտրած դժուարին ճանապարհը դէպի ազատութիւն եւ անկախութիւն։ Իսկ միւսը՝ Իտալահայ մտաւորական եւ գրող՝ Էմանուէլէ Ալիբրանտիի «Ղարաբաղի Իրաւունքները» իտալերէն հատորը, որ կ՚անդրադառնայ «փոքր հողաշերտի մը՝ մեծ ժողովուրդի պատմութիւնը» նիւթին մասին։
Գիտաժողովը վարեց քաղաքական ու ռազմագիտութեան բնագաւառի վերլուծող, Ալեսսանտրօ Բոլիթին որ յատկապէս ընդգծեց թէ ինչպէս «Ղարաբաղի հարցը իր մէջ կը պարունակէ ազդու կերպով միջազգային քաղաքականութեան բոլոր հակասութիւնները», յիշեցնելով որ Եւրոպայի քաղաքականութիւնը պէտք չէ անտեսէ մարդկային հիմնական իրաւունքները, յոյս յայտնելով որ իրականացուելիք լուծումներ գտնուին խաղաղութեան ի խնդիր։
Խօսք առաւ նաեւ Իտալիոյ կառավարութեան մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Ռուբէն Կարապետեան, որ անդրադառնալէ ետք Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան ու անոր բնակչութեան հայկական ինքնութեան, խօսեցաւ անկախութեան անհրաժեշտութեան մասին, մատնանշելով որ հարցը Հայաստանի եւ Ադըրբէջանի միջեւ չէ, այլ՝ Ղարաբաղի բնակչութեան եւ Ադըրբէջանի միջեւ է։ Հայաստանի Դեսպանը նաեւ ընդգծեց Պագուի կողմէ զինամթերքի սահմանուած մեծ գումարները, եւ յայտնեց իր մտավախութիւնները այս ուղղութեամբ։
Խօսք առաւ ապա՝ Փրօֆ. Նիքոլայ Յովհաննէսեան, հայազգի պատմագէտը, եւ անդամ՝ ՀՀ Գիտութեան Ակադեմիային, որ հեղինակն է «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը» գիրքին: Նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ իր հատորը իտալերէնի թարգմանուած է, ու այս առիթով Հռոմ կը գտնուի խօսելու համար Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին մասին, ըլլա'յ պատմական եւ ըլլա'յ քաղաքական առումով։
Իսկ Փրօֆ Մարքօ Պայիս՝ հայագիտութեան դասախօս՝ Հռոմի «Լա Սաբիէնցա» հեղինակաւոր համալսարանի մէջ, իր խօսքին մէջ յիշեց Արցախի պատմութեան հիմնական հանգրուանները՝ իննիսունական թուականներէն սկսեալ...
Վերջին խօսք առաւ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը» հատորի հեղինակ՝ տիար Էմմանուէլէ Ալիբրանտին, որ հակիրճ կերպով խօսեցաւ Ղարաբաղի ի նպաստ իտալական նախաձեռնութեանց ու անոնց նպատակին մասին, շեշտը դնելով անոր դատական ու քաղաքական երեւոյթներուն առընչուած մարդկային ինքիշխանութեան իրաւունքին վրայ, ակնարկելով նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ընդհարումներու ծագումին, յեղաշրջումին եւ խաղաղութեան ի նպաստ քայլերուն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ