Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2015 - Հայ Կաթողիկէ համալսարանականներու միութիւն​ը եւ ​Հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը​

 

Պէյրութ

Հ​այոց ցեղասպանութեան 100 ​ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութիւնը (ՀԿՀՄ) կազմակերպած էր ,Հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնըե նիւթով հանդիպում մը երէկ` երեքշաբթի, 24 մարտ 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Մեսրոպեան վարժարանի ,Ֆարաճեանե կեդրոնին մէջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արամ Գարատաղլեան: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի ծիրին մէջ իրականացուած բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն Հայ կաթողիկէ համալսարականներու միութիւնն ալ իր մասնակցութիւնը կը բերէ սոյն հանդիպումով, ապա անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան հոլովոյթին մէջ երիտասարդութեան ներկայութեան ու դերակատարութեան կարեւորութեան: Գարատաղլեան նշեց, որ 100​ ​ամեակը կը զուգադիպի ՀԿՀՄ-ի հիմնադրութեան 20-ամեակին, որ կ​՚​ենթադրէ նոր թափով ու նոր եռանդով աշխատիլ եւ ներդրում ունենալ միութեան աշխատանքներուն մէջ: Երեք զեկուցաբերները ներկայացուցին Հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը քաղաքական, մշակութային, ընկերային-տնտեսական դիտանկիւններէն դիտուած: Առաջին զեկուցաբերն էր ,Ազդակե օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան ներկայացուց հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը քաղաքական դիտանկիւնէն` նշելով, որ հայ դատը քաղաքական հարց է, բայց ներկայիս Թուրքիա կ՚​աշխատի զայն քաղաքական հարթակէն փոխադրել պատմական հարթակ` տկարացնելու հայկական կողմը, զայն ձգելով անվերջանալի քննարկումներու ոլորապտոյտներուն մէջ:

Ան կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովի որոշումը, որ Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարը յանձնուի միջազգային իրաւաբաններուն: Ան ըսաւ նաեւ, որ հատուցման գծով պէտք է նկատի ունենալ երեք դրոյթ` անհատական հատուցում, եկեղեցապատկան կալուածներու հարց եւ հայրենազրկումի գաղափարը: Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ հայութիւնը իր բոլոր բաղադրիչներով արդէն համաձայնած է ազգային իղձերու պահանջատիրութեան դրոյթին եւ համազգային իղձերու վերականգնման գործին: Երկրորդ զեկուցաբերն էր ,Արարատե օրաթերթի տնօրէն Անի Եփրեմեան, որ ներկայացուց հայ երիտասարդին պահանջատիրութեան պատմամշակութային երեսը: Ան նշեց, որ Մեծ եղեռնի ընթացքին հայութեան ֆիզիքական կորուստին հետ ոչնչացուեցան նաեւ հայ ժողովուրդի պատմամշակութային արժէքները, ինչպէս` յուշարձանները, եկեղեցիները, դպրոցները: Ան հաստատեց, որ հակառակ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան, կարելի չէ հայ հանճարը եւ արուեստի գործերը հեռացնել իրենց բնօրրանէն, որովհետեւ հողն ալ իր յիշողութիւնը ունի: ,Օսմանեան կայսրութեան օրերէն ծայր առած պատմամշակութային արժէքներու բնաջնջումը շարունակուած է մինչեւ 19-րդ ու նաեւ 20-րդ դարու վերջին քառորդ եւ աւելիե, ըսաւ ան: Թուրքիա միտումնաւոր կերպով կատարած է իր մշակութային ցեղասպանութիւնը, որպէսզի հայ քաղաքակրթութեան վկայութիւնները, հայ հոգեւոր արժէքները եւ հայ իրականութեան գոյութեան փաստը վերացնէ շրջանէն: Երրորդ զեկուցաբերն էր ,Զարթօնքե օրաթերթի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, որ հայ երիտասարդին պահանջատիրութիւնը ներկայացուց ընկերային-տնտեսական դիտանկիւնէ: Ան հայոց պահանջատիրութեան ուղիին վրայ սոսկական գաղափարներու կողքին կարեւոր նկատեց գործնական քայլերը` օգտագործելով ինքնաքննադատական մօտեցումը: Ան յայտնեց, որ համայն հայութիւնը պարտաւոր է ունենալ պահանջներու յստակ սահմանում: Իսկ Հայ դատի աշխատանքներու ծիրին մէջ Յակոբեան, կարեւոր նկատեց այն աշխատանքը, որ կը միտի Թուրքիոյ կեցուածքին մէջ նուազագոյն ճեղքը բանալ: Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութեան հետեւանքները մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան հատուածներուն վրայ: Ան առաջ քաշեց նաեւ բռնի իսլամացուած հայերու պարագան եւ անոր դրական ազդեցութիւնը հայկական պահանջատիրութեան հոլովոյթին մէջ հարցականի տակ դրաւ: Յակոբեան աւարտեց իր խօսքը նկատել տալով, որ հայ երիտասարդը պէտք է մղել աշխատանքի եւ դաստիարակել զայն գիտական գործնական սկզբունքներով, գաղափարներու կողքին, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ Հայ դատի բարւոք լուծման:

Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներուն եւ մանաւանդ երիտաարդներուն տուած հարցումներուն ու մտահոգութիւններուն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ