Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2014 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը մասնակցի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովի նիստին

Երեւան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Երկուշաբթի իրիկուն մեկնեցաւ Մերձաւոր Արեւելքէն, ուր ժամանած էր շաբաթ, 24 մայիսին, եռօրեայ ուխտագնացութեամբ Յորդանան եւ Երուսաղէմ,  իբրեւ խաղաղութեան ու միութեան պատգամաբեր։ Ան իր ուխտագնացութիւնը սկսած էր մեծաշուք Սուրբ Պատարագով մը, զոր մատուցանեց Ամմանի միջազգային մարզադաշտին մէջ, Յորդանան ժամանումէն եւ արքայական ընտանիքին կողմէ դիմաւորութենէն անմիջապէս ետք, ներկայութեամբ բազմատասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու, որոնք եկած էին մերձարեւելեան երկիրներէ։ Նորին Սրբութեան հանդիսաւոր դիմաւորութեան եւ Անոր մատուցած Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան յատկապէս Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքները։ Պաշտօնական մասնակիցներու առաջին շարքերուն վրայ կը գտնուէր  Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կաթողիկէ հայոց։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Յորդանանի եւ Երուսաղէմի Առաքելական Կառավարիչ գերյարգելի հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեան եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան դիւանապետ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան։ Այս առթիւ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, յաջորդ օրը, մայիսի 25-ին,  երեկոյեան ժամը 5-ին  Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Ամմանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ եւ որուն աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Երկուշաբթի, 26 մայիսին Ամմանէն վերադարձաւ Պէյրութ, ուրկից միեւնոյն երեկոյեան մեկնեցաւ Երեւան մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական Յանձնաժողովի նիստին, որ պիտի գումարուէր յաջորդ օրը, մայիսի 27-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեամբ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանայ գերապատիւ հ.Վարդան վ. Գազանճեան։ Նախքան այս նիստին բացումը, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն հետ նախագահական պալատին մէջ  նախաճաշի հիւրը եղաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ