Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2008 - Հ.Կ.Մ. ԱշրաՖիէի Պատանեկանի Տարեկան Հանդէս

 
Պէյրութ, Լիբանան
 

Շաբաթ՝ 12 Յունուար 2008ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, ԱշրաՖիէի Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապտիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մատուցեց Ս. Պատարագ, որուն յաջորդեց պատանիներու աւանդական հանդսը Հ.Կ.Մ.ի «Արարատեան» սրահէն ներս:

Զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, պատանիները ներկայացուցին «Վերածաղկում» խորագրով ներկայացում մը որուն մէջի վերածլող կաղնին կը խորհրդանշէր Հայ ազգը: Ներկայացումէն ետք, հոգեւոր վարիչ Հյար Վարդան վրդ. Գազանճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք ջահակիրները ե պատանիները հանդիսատեսին հրամցուցին հեքիաթային եւ երաժշտական զոյգ ներկայացումներ:
 


 
Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Մհեռ  Գալէնտէրեան Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի անունով յատուկ յուշանուէրով մը պարգեւեցին Հ.Կ.Մ. երիտասարդականի ԱշրաՖԻէի մասնաճիւղը անոր գործունէութեան տասնամեակի առթիւ, ինչպէս նաեւ ընկհ. Անի Գալէնտէրեանը 22 տարուան անձնուէր ծառայութեան համար:

Հանդէսի աւարտին Հ.Կ.Մ.ի երիտասարդները ներկայացուցին «Երկու Կնիկ Մէկ Էրիկ» թատերախաղ մը որմէ ետք ընկ. Վարդան Ազնաւորեան հանդէս եկաւ «Կարմիր Կակաչներ» եւ «Աշխարհի Ցաւով» երգերով:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեան աղօթքով փակուեցաւ հանդէսը:    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ