Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2012 - Յայտարարութիւն Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան այցելութեան մասին

 

Պէյրութ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹՒԻՆ

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէ թէ յառաջիկայ 14, 15 եւ 16 սեպտեմբերին, հրաւէրով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սուլէիմանին ինչպէս նաեւ Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու Ժողովին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Լիբանան պիտի այցելէ, ստորագրելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն մասին անցեալ տարի Հռոմի մէջ գումարուած յատուկ Սիւնհոդոսին «Առաքելական Յորդորը», ապա նաեւ հանդիպում ունենալու համար Լիբանանի երիտասարդութեան հետ: Երիտասարդութեան հետ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 15 սեպտեմբերին Պըքերքէի մէջ: Սրբազան քահանայապետը նոյն օրը կէսօրին պիտի այցելէ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռ՝ Զմմառու Վանքը: Սրբազան Քահանայապետը համայն հաւատացեալներուն համար սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ կիրակի 16 սեպտեմբերին:

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան

Պէյրութ, 9 Ապրիլ  2012


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ