Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2010 - Երջանկայիշատակ Պետողլեան Եպիսկոպոսի թաղման քարոզ

 Պէյրութ, Լիբանան

 

 
Վսեմաշուք Տիար Նախագահ՝ Զօրավար Միշել Սըլայման ներկայացուած

Մեծայարգ Տիար Նախարար Աբրահամ Տէտէյեան-ով.

Մեծապատիւ Տիար Փաստաբան Նապիհ Պըրիի, նախագահ Լիբանանեան Խորհրդարանի ներկայացուցուած

Մեծայարգ Պետական Երեսփոխան Սերժ Թուր-Սարգիսեան-ով.

Մեծապատիւ Վարչապետ Սա’տ Էլ-Տին Հարիրի ներկայացուած Մեծայարգ Տիար Նախարար Ժան Օղասապեան-ով.

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա՝. Կաթոպիկոս Մեծի ՏաննԿիլիկիոյ, ներկայացուած

Գերաշնորհ Սրբազան Տէր Գեղամ Եպիստոպոս Խաչերեան-ով.

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք

Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ վարդապետներ եւ Յարգոթապատիւ քահանաներ

Հանգամանաւոր  անձնաւորութիւններ՝  նախարարներ, երեսփոխաններ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ,

Առաքինազարդ քոյրեր,

Սգակիր հարազատներ եւ բարեպաշտ հաւատացեալներ,

 

«Մինչեւ վերջ բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւաքը պահեցի: Հիմա պատրաստուած է ինծի համար արդարութեան պսակը, որ Տէրը, արդար Դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը»: (Բ. Տիմ. 4,7-8)

Ս. Պօղոսի այս խօսքը կարելի է վերագրել ճշմարտապէս երջանկայիշատակ Ադրէաս Եպիսկոպոս Պետողլեանին:

Աւազանի անունով Տիգրան, ան ծնած է Պէյրութ 2 Փետրուար 1920-ին: Զաւակ բարեպաշտ ընտանիքի  մը՝ ճողոպրած 1915-ին սարսափազդու ցեղասպանութենէ, փոքր հասակին Տիգրան Զմմառու վանք կը մտնէ  ընծայարան Աստուծոյ փառք տալու եւ աւելի  լաւ ծառայելու համար իր հայրենակիցներուն քահանայական վիճակին մէջ: Յաջողութեամբ կ’աւարտէ իր դասերը եւ 1938-ին Հռոմ կը մեկնի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան ուր իմաստասիրութիւն, աստուածաբանութիւն եւ եկեղեցական ու հայկական այլ նիւթեր կ’ուսանի եւ Հռոմ կը ձեռնադրուի քահանայ 25 Դեկտեմբեր 1945-ին Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքէն:

Կ’անդամակցի Զմմառեան Պատրիարքական Միաբանութեան, որ յատուկ կերպով կը սիրէ եւ անոր հաւատարմութեամբ կը ծառայէ:  Այսուհետեւ զանազան պաշտօններ կը ստանձնէ՝ Քեսապ եւ Չահլէ: 1957-ին  կը նշանակուի Չմմառու վանքի ընդհանուր մատակարար, պաշտօն մը որ 12 տարի խղճմտօրէն եւ ձեռնհասութեամբ կը կատարէ: 1963-ին  կ’անուանուի Ս. Գրիգոր Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցի որպէս փոխ ժողովրդապետ եւ ապա ժողովրդապետ: Կ’որոշուի նաեւ դատաւոր Պատրիարքական Ատեանին մէջ, ուր երկար տարիներ կը պաշտօնավարէ:

Իր հոգեւոր եւ մարդկային  բարեմասնութիւններուն համար, Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի կողմէ Պատրիարքական թեմի Օգնական Եպիսկոպոս կ’ընտրուի եւ 19 Մարտ 1971-ին Եպիսկոպոս կ’օծուի ձեռամբ Ամենապատիւ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքէն: Իսկ 1984-ին, կը ստանձնէ Պատրիարքական թեմի Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնը, որ աչալրջութեամբ կը կատարէ մինչեւ 75 տարեկան հասակը:

Մինջ այն, առաքելութիւններ կը ստանձնէ զանազան թեմերուն մէջ ուր կարիքը զինք կը կոչէ: Այսպէս՝ կը կատարէ Պատրիարքական Կառավարիչի պաշտօնը Պաղտատ 1972-էն 1973, Հալէպ 1983-էն 1984, եւ Ճեզիրէ 1988-էն 1990։

Երբ կը հրաժարի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնէն, տարիքի բերումով, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, մնայուն Սիւնոտոսի խորհուրդի ընդառաջելով, զինք կ’անուանէ Երուսաղէմի եւ Ամմանի եկզարքութիւնը, ուր երկու համայնքներուն կը ծառայէ մինչեւ 2001։

Վերադառնալով Պէյրութ, ինձմէ կը խնդրէ որ զինք անգործ չձգեմ, եւ սիրով կը ստանձնէ Աթէնքի մեր փոքր համայնքին հոգ հոգւոցը մինչեւ 2004։ 84 տարեկան հասակին հասած՝ իր կեանքին ընթացքը կատարած համարեցի։ Այն ժամանակ, հանգիստի կը քաշուի Զմմառ ապա Քրիստոս Թագաւոր, ալեւոր եկեղեցականներու հանգստեան տունը, ուր կը մնայ մինջեւ վերջ։

Իր բուռն եռանդով եւ հովուական հոգին՝ սրտին մէջ աշխուժօրէն տրոփելով, չէր ամչնար ամէն դուռ զարնելու բարիք մը եւս կատարելու համար։ Բայց յատուկէն սէր ունէր կարիքաւորներուն հանդէպ։ Իր ունեցածէն առատօրէն կու տար։ Մեծ հոգ կը տանէր քահանայական եւ կրօնաւորական կոչումներուն եւ կը քաջալերէր ամուսնացեալ թեկնածուները քահանայութեան համար։

Կարեւոր դեր կատարեց Լիբանանի ներքին պատերազմի ատեն, մահէն ազատելով բազմաթիւ հայորդիներ, երբեմն վտանքի ենթարկելով իր կեանքը։ Անգամ մը ալ փամպուշտ կերաւ ոտքին։

Լիբանանի Սիւնհոդոսի ընթացքին Վատիկան 1995-ին, Լիբանանցի Սիւնհոդոսական Հայերու կողմէն իրեն կը վիճակուի պատիւը, բոլորին անունով, շնորհակալութեան ուղերձ մը կարդալ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբ. Քահանայապետին։

Իրեն կը պարտինք Զալքայի Ս. Խաչ համալիրը, որ կը պարփակէ արդի հոյակապ Ս. Խաչ եկեղեցին, ժողովրդապետական Սրահը, որ իր անունը կը կրէ եւ աշակերտութեան համար չորս յարկանի վարժարան մը՝ հայեցի եւ քրիստոնէական կրթութիւն ջամբելու համար նորահաս հայ սերունդին, անխտիր կերպով։

Կեանք մը լեցուն հովուական, կազմակերպչական, տնտեսական եւ իրաւաբանական գործերով, երջանկայիշատակ Պետողլեան Գերապայծառը կարճ հիւանդութենէ յետոյ, իր հոգին կ’աւանդէ առ Հայր երկուշաբթի 12 Ապրիլին , ընդունելէ ետք հիւանդաց օծումը։

Ապահով եմ որ անոր յիշատակը երկարօրէն արթուն պիտի մնայ շատերուն մտքին եւ սրտին մէջ։ Բայց ինք, կը սպասէր վարձատրութիւն միմիայն Աստուծմէ։ Ասոր համար արժանի է հիմա լսելու Յիսուսի մխիթարական հետեւեալ խօսքը.  «Բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, մտի՛ր Տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մտթ. 25, 21). Ամէն։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ