Շաբաթ, 17 Նոյեմբեր 2007 - Սառա Թոտ Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան

Լիբանան
 

 
Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2007ի առաւօտեան ժամը 9:00ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Միացեալ Նահանգներու գրասենեակի ծրագիրներու վերահսկիչ Սառա Թոտ, որուն կ’ընկերակցէր Լիբանանի «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէն տիկին Սեդա Փամպուքեան:

Մեծարգոյ հիւրերը դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստին կողմէ, ապա վարժարանի հիւրասրահին մէջ ունեցան աշխատանքային մտերմիկ զրոյց մը: Զրոյցին ընթացքին արդէն իսկ վարժարանին մէջ իրականանալիք ապագայ ծրագիրներուն շուրջ համագործակցութեան որոշում մը գոյացաւ: Զրոյցի աւարտին հիւրերը ծանօթացան վարժարանի կայքէջին, ապա շրջագայեցան վարժարանին մէջ՝ ծանօթանալով անոր տարբեր մասնաշէնքերուն եւ բաժիններուն:

Տիկին Սառա Թոտ մեկնելէն առաջ վարժարանի Ոսկեմատեանին մէջ իր տպաւորութիւնները արձանագրեց: Ան ի մասնաւորի կը գրէ. «Ես շատ մեծ տպաւորութիւն ունեցայ այցելելով ձեր վարժարանը: Ձեր տարած աշխատանքը շատ կարեւոր է ու ծանրակշիռ: Շնորհակալութիւն»:

Մեծարգոյ հիւրերը մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք մեկնեցան վարժարանէն՝ իրենց հետ տանելով լաւի ու գեղեցիկի մասին տպաւորութիւններ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ