Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2008 - Հանդիպում Ֆօքոլարի Շարժումի Անդամներու Հետ

Զմմառ, Լիբանան

Չորեքշաբթի 17 Սեպտեմբեր 2008- ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Զմմառ ժամանեցին Լիբանան համագումարի եկած Ֆօքոլարի շարժումի անդամներէն մօտ 35 հոգի եւ 16 երկիրներէ եկած շարժման համակիր եպիսկոպոսներ, գլխաւորութեամբ Կարդինալ Վըլքի, Փրակայի նախկին Արքեպիսկոպոսին:
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն:
Ապա Կարդինալ Վըլք ներկայացուց Գիարա Լուպիքի նախաձեռնութեամբ սկսուած այս շարժումը, որուն գլխաւոր նպատակն է ապրիլ ու տարածել Աստուծոյ խօսքը, ինչպէս նաեւ միասին աղօթել զանազան քոյր եկեղեցիներու անդամներուն հետ: Ան յայտնեց նաեւ թէ Լիբաբանի սքանչելի միջավայրը մեծապէս կ՛օգնէ այս տեսակի միութենական հանդիպումներու:
Ամեն. Հոգեւոր Տէրը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծնունդի եւ կազմաւորման մասին 1742-էն ի վեր: Ապա հրաւիրեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրերը, որոնք առիթը ունեցան խօսելու իրենց անձնական փորձարութիւններու մասին Ֆօքոլարի շարժումին հետ: Որմէ ետք հիւր եպիսկոպոսներն ալ առիթը ունեցան արտայայտելու իրենց տպաւորութիւնները:
Հիւրասիրութենէ մը ետք, ներկաները ուղղուեցան Զմմառու Տիրամօր եկեղեցին, ուր իւրաքանչիւրը իր լեզուով աղօթեց փակելու համար այս հանդիպումը: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ