Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2009 - Պրն. Կրէկուար Գալուստի Խօսքը Մեծ Եղեռնի 94-րդ Ամեակի Առթիւ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստի խորհրդածուոիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին եւ ոգեկոչման քայլարշաւի առթիւ.

 
Այսօր կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ 1.5 միլիոն մեր նահատակներուն, որոնք զոհ գացին անցած դարու առաջին ցեղասպանութեան՝ որոշումով եւ գործադրութեամբ թուրք կառավարութեան:
Այսօր կու գանք հոգիով ծնրադրելու յիշատակին առջեւ այն մարդոց, որոնք գարնանային օր մը յանկարծակիօրէն դուրս քշուեցան իրենց տուներէն, դուրս բերուեցան իրենց հազարամեայ շէներէն ու քաղաքներէն, տարուեցան մութ եւ թշնամական ճամբաներոով, կողոպտուեցան, կոտորակուեցան եւ կոտորուեցան այդ ճամբաներուն վրայ ու հասան անապատ՝ որպէսզի այնտեղ հոգի աւանդեն սովի ու հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ:
Մենք կը խօսինք մեծ քոյրերու եւ մեծ մայրերու մասին, որոնք կեանքի վերջին օրերուն մէջ՝ թոռներու պարգեւած բերկրանքը պիտի վայելէին:
Մենք կը խօսինք հայրերու եւ մայրերու մասին՝ տուն ստեղծող եւ տուն պահող արդա՛ր մարդոց մասին, որոնք կանչուած էին երիտասարդ աւիւնով բարիք ստեղծելու իրենց զաւակներուն ու շրջապատին համար:
Մենք կը խօսինք մատղաշ մանուկներու մասին, որոնք պիտի մեծնային օրհնութեամբը իրենց մեծերուն, օգնութեամբը ծնողներուն, լոյսո՛վ եւ կրթութեա՛մբ, որպէսզի դառնան յոյս-ապաւէն երկրին ու ազգին:
Սակայն խորշակը եկաւ աւերելու ամէն ինչ: Դժոխային քանի մը տարիներու ընթացքին ջնջուեցաւ այն երկիրը, որ փարոս էր մշակոյթի, կամուրջ էր քաղաքակրթութեանց եւ օրրան էր արդար աշխատանքի եւ խաղաղութեան: Քանի մը տարուան ընթացքին անապատ դարձաւ այն հողը, որ աշխարհով մէկ հռչակ ունէր իր ծնած մտքի ու գործի հանճարներով: Զարնելով Հայաստանին, ցեղասպան թուրքը զարկաւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան: Քանդելով Հայաստանը, ցեղասպան թուրքը քանդեց ամողջ աշխարհամասի մը մտքի տաճարին մէկ կարեւոր սիւնը, որ մինչեւ այսօր ալ այդպէս՝ գետնին կը մնայ:
Տեղահանելով հայ ժողովուրդը իր բնօրրանէն, ցեղասպան թուրքը պատճառ դարձաւ, որ մարդկութիւնը զրկուի այն տարրէն, որ դարեր ի վեր իր միջավայրին մէջ քաղաքակրթութեան առաջամարտիկի դեր կը կատարէր:
Ու տեղի ունեցաւ աներեւակայելին: Եւ պատահեցաւ անպատմելին: 1.5 միլիոն մարդ տեղահանուեցաւ ու ջարդուեցաւ միայն անոր համար, որ հայ էր, միայն անոր համար, որ կը կրէր հայու անուն, հայու արիւն: Տեղահանուեցան ու ջարդուեցան՝ առանց տարիքի, առանց սեռի, առանց զբաղումի կամ յարանուանական պատկանելիութեան խտրութեան: Սպանուեցան, որովհետեւ մարդիկ էին լոյսի, հաւատքի եւ արժանապատուութեան:
Եւ ահաւասիկ 94 տարիներ ետք այդ օրերէն, մենք՝ ժառանգներս խաչուած հայութեան՝ կը ներկայանանք տէր ու պաշտպան անոնց դատին եւ կտակին:
Մենք Տէրն ենք այն արիւնին, որ թափեցաւ Հայաստանի գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ՝ ձեռքովը ցեղասպան թուրքին:
Տէրն ենք այն հող ու ջուրին, զոր խլեցին մեր պապերուն ձեռքէն ու վատաբար թրքացուցին:
Եւ տէր կը մնանք հայ հողին վրայ տակաւին կանգուն մնացող խաչքարի ամէն մէկ բեկորին՝ որպէս նշխար հազարամեայ մեր մշակոյթին:
Ըսենք աւելի՛ն, եւ արար աշխարհ թող իմանայ այդ մասին.
Հաւատարիմ կը մնանք Սիամանթոյի, Սեւակի եւ Վարուժանի կտակին, վարդայեղեղ արշալոյսի մը ձեւով յաղթանակ բերելու հայ դատին:
Հաւատարիմ կը մնանք անապատի աւազներուն վրայ այբուբենի դաս աւանդող հայ մօր պատգամին՝ յաւերժ կենդանի պահելու լեզուն մայրենի:
Եւ յանձնառու կը մնանք այն հերոսական պայքարին, զոր հայ քաջերը մղեցին Վանի այգետաններուն մէջ, Սասնայ լեռներուն վրայ, Ուրֆայի ու Հաճընի փողոցներուն մէջ եւ Մուսա Լերան կատարին, վեր պահելով հին դարերէն եկող փառքը հայ զէնքին:
Սակայն հայկական ցեղասպանութեան դատը միայն մերը չէ, եւ ոչ ալ միայն մեզի համար է: Ցեղասպանութեան դատը ամբողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան հարցն է՝ յանուն ամբողջ մարդկութեան քաղաքակրթութեան եւ ապագային:
Ցեղասպանութիւնը վէ՛րք մըն է մեր հոգիին մէջ, բայց անիկա նաեւ վէրք է ամբողջ մարդկային խղճմտանքին մէջ: Այդ վէրքը կը բուժուի ճանաչումով եւ հատուցումով: Հետեւաբար. մենք կոչ կÿուղղենք աշխարհի բոլոր պետութիւններուն, միջազգային, շրջանային ու տեղական կազմակերպութիւններուն եւ պետական, հանրային եւ մշակութային գործիչներուն, որ տէր կանգնին հայկական ցեղասպանութեան դատին՝ ինչպէս տէր պիտի կանգնէին ամբողջ աշխարհի ապագան յուզող որեւէ այլ հարցի: Որովհետեւ, ըստ էութեան, հայկական ցեղասպանութեան դատը շատոնց է, որ դուրս եկած է պատմական իր նեղ պարունակէն եւ շատոնց է, որ վերածուած է ամբողջ մարդկութեան ներկային ու ապագային առընչուած խնդրի:
Չկայ երաշխիք, որ ժողովուրդներ եւ հաւաքականութիւններ այլեւս ապահով կրնան զգալ բնաջնջումէ, այնքան ատեն, որ անպատիժ կը մնայ արդի պատմութեան մէջ հաւաքական բնաջնջումի առաջին ոճրային գործողութիւնը՝ հայկական ցեղասպանութիւնը:
Ճանչնալով հայկական ցեղասպանութիւնը, դատապարտելով ցեղասպանական ոճիրը եւ պատժելով ոճրագործը՝ միջազգային ընտանիքը արձանագրած պիտի ըլլայ լրջագոյն յառաջընթաց՝ խաղաղ, ապահով եւ արդար աշխարհի մը կառուցման ուղղութեամբ:
Եւ ընդհակառակը՝ անտեսելով կամ ուրանալով ոճիրը, եւ հովանաւորելով ոճրագործը, միջազգային հանրութիւնը կը վտանգէ իր իսկ գոյութեան հիմքերը, հողը ազատ ձգելով նորանոր ոճիրներու կազմակերպման համար:
Ուրեմն՝ ցեղասպանութեան յաղթահարման մարտահրաւէրը կը մնայ հրատապօրէն այժմէական:
Անիկա այժմէական կը մնայ Հայաստանի հանրապետութեան համար, որ անմիջականօրէն դռկից է ցեղասպանութեան պատասխանատու պետութեան եւ այդ իմաստով ստիպուած է լրջօրէն գնահատել հայրենաբնակ հայութեան ապահովութեան եւ յառաջդիմութեան կացութիւնը՝ ներկայիս եւ ապագային:
Ցեղասպանութեան յաղթահարման մարտահրաւէրը միշտ այժմէական է հայկական Սփիւռքին համար, որ ինքնին արդիւնքն է անոր:
Այդ մարտահրաւէրին ընդառաջ, մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ յանուն մեր լեզուի գոյութեան, յանուն մեր մշակոյթի պահպանման, յանուն մեր լեզուի եւ մշակոյթի հաստատութիւններու զարգացման:
Այդ աշխատանքին համար, եւ ամբոջ հայ սփիւռքին ի սպաս՝ Լիբանանն է, որ կը ներկայանայ ամուր կռուան:
Այստեղ է, որ տարագիր մեր հայրերը արիւն-քրտինքով դպրոցներ բացին, եկեղեցիներ կառուցեցին եւ միութիւններ հիմնադրեցին՝ որպէսզի յաղթեն աղէտին եւ նոր ծնունդ տան ազգին:
1975-ին, այդ զոհողութիւններուն, այդ աշխատանքին արդիւնքները կը փայլէին ամենուրէք, երբ պայթեցաւ եղբայրասպան պատերազմը մեր երկրին մէջ: 15 տարի տեւած արհաւիրքը կասեցուց բարգաւաճումի ընթացքը, պատճառ դարձաւ զանգուածային մեծ արտագաղթի եւ հիմքէն ցնցեց մեր բոլոր կառոյցները, որոնք բոլորն ալ կարիք ունին ամրապնդումի:
Հետեւաբար, մեծ է բոլորիս պատասխանատուութիւնը տէր կանգնելու տարագիր մեր հայրերու ստեղծած աւանդին եւ ստեղծուածին վրայ նորը աւելցնելով՝ շքեղացնել տունը ամբողջ ազգին:
Ասոր համար որպէս նախապայման՝ ճակատագրական է պահպանումը խաղաղ ու բարգաւաճ Լիբանանին: Եւ այս իմաստով եւս մեծ է պատասխանատուութիւնը բոլորիս:
Բոլորս կոչուած ենք աշխատելու եւ պայքարելու, որպէսզի Լիբանան ամրապնդուի իբրեւ համայնքներու եւ քաղաքկրթութիւններու խաղաղ համակեցութեան երկիր:
Բոլորս կոչուած ենք պայքարելու, որպէսզի Լիբանան ոտքի մնայ իբրեւ ազատութեան եւ արդարութեան հայրենիք:
Եւ բոլորս պարտաւոր ենք մեր ընելիքը ունենալ, որպէսզի այս երկիրը ապրի խաղաղ՝ խաղաղութեան մէջ արժանապատիւ կեանք ապահովելով բոլորին:
Հետեւաբար Լիբանանի մէջ հայութիւնը կը պահանջէ, որ քաղաքական ուժերը քաղաքական պայքարը պահեն մեր երկրի օրէնքներուն ծիրին մէջ եւ երբեք դուրս չ•ան այնտեղէն:
Հայութիւնը կը պահանջէ Լիբանանի մէջ քաղաքական պայքարը որեւէ ձեւով չառընչել կրօնքին, համայնքին կամ յարանուանութեան, որովհետեւ այդ բոլորը անձնական խղճի առարկաներ են եւ ոչ թէ գործիքներ՝ այլ հասկացութիւններու:
Եւ վերջապէս, հայութիւնը կը պահանջէ, որ Լիբանանի մէջ բոլոր հարցերը լուծուին երկխօսութեամբ՝ պետական թէ ոչ-պետական կառոյցներու ծիրին մէջ, ու երբեք չվերածուին առիթներու՝ բախումի կամ ուժային հակամարտութեան:
Այս բոլորը կը պահանջենք թէ որպէս քաղաքացի, եւ թէ որպէս հայ: Որպէս քաղաքացի պահանջատէր ենք սահմանադրութեան, օրէնքներուն եւ բարոյական հասկացութիւններու պահպանման, որովհետեւ անոնք են երաշխիքը մեր եւ մեր զաւակներու արժանապատիւ կեանքի ապահովման:
Իսկ որպէս հայ պահանջատէր ենք այդ բոլորի կատարման, որովհետեւ անոնց մէջ կը տեսնենք հնարաւորութիւնը պահելու մեր ազգային հաստատութիւնները եւ այդպիսով շարունակելու մեր յաղթարշաւը՝ ընդդէմ ցեղասպանութեան:
Այդ արշաւին մենք ըլլանք ձեռք-ձեռքի, միակամ ու միասնական, խանդավառ եւ ուժական:
Թող մեր ամէն մէկ բառը աղօթք ըլլայ ի յիշատակ մեր զոհերուն, եւ գովք ըլլայ հայութեան ներկան ու ապագան կերտող նուիրեալներուն:
Թող մեր ամէն մէկ գործը յուշարձան ըլլայ մեր զոհերուն, ու քայլ մը եւս մեզ մօտեցնէ մեր երազներուն:
Ազատութեան երկիր Լիբանանէն կը պարզենք դրօշը յաղթութեան՝ ի փառս ամբողջական Հայաստանին եւ համայն հայութեան:

Կրէկուար Գալուստ

Պէյրութ, 24 Ապրիլ 2009 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ