Երեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2009 - Հոգեւոր Տէրը կը ջնորհաւորէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը


Պէյրութ, 2 Նոյեմբեր 2009
Դիւան թիւ 279/09

Նորին Սուրբ Օծութիւն
Տ.Տ. Գարեգին Բ.
Ծայրագոյն Պատրիարք
Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

Վեհափառ Տէր,

Ջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք Ձեզ՝  Ձեր գահակալութեան տասնամեակին առիթով: Անցնող տասը տարիներուն, Ձեր իմաստուն եւ շրջահայեաց առաջնորդութեամբ, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի ծաւալած հոգեւոր, ազգային, մշակութային, եկեղեցանուէր ու հայրենանուէր գործունէութիւնը  Մեզի կը ներշնչէ այն հաւատքը եւ յոյսը որ Հայաստանի եւ համայն Հայութեան համար ճակատագրորոշ ներկայ հանգրուանին եւ գալիք տարիներուն Մայր Աթոռը պիտի դառնայ Հայ հաւատացեալ ժողովուրդին ճանապարհը լուսաւորող փարոսը եւ անոր արարքներուն ներշնչման աղբիւրը, եւ մանաւանդ մեր բազմաշերտ ու աշխարհատարած ժողովուրդի միասնականութեան ու միաբանութեան շաղախը: Որովհետեւ, աւելի քան երբեք, ներկայ ժամանակներուն պէտք ունինք այդ միաբանութեան, որ հզօրագոյն վահանն է մեր ինքնութեան, իրաւունքներուն ու գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգներուն դէմ: Լուսաւորչեան հաւատքի տարածումը ու զօրացումը մեր ժողովուրդի բոլոր հոսանքներէն, շրջանակներէն ու խաւերէն ներս լաւագոյն երաշխիքն է, անշուշտ, մեր քրիստոնէական եւ ազգային ակնկալիքներուն:
Այս մտածումներով եւ գործակցութեան պատրաստակամութեամբ, Վեհափառ Տէր, կ՛ողջունենք Ձեզ՝ Ձեր գահակալութեան տասներորդ տարեդարձին առիթով, եւ Մեր Հաւատքի Հօր՝ Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութեամբ կ՛աղօթենք Աստուծոյ որպէսզի իր շնորհներն ու հովանին անպակաս ընէ Ձեր վրայէն, Ձեզի պարգեւէ քաջառողջութիւն ու արեւշատութիւն:


+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ