Շաբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2012 - Հաւատքի Տարուան առթիւ կաթողիկէ դաստիարակներու համաշխարհային միութեան վեհաժողով


Հռոմ

Հաւատքի Տարուան առթիւ, 26-30 հոկտեմբերին Հռոմի մէջ տեղի կ'ունենայ կաթողիկէ դաստիարակներու համաշխարհային միութեան վեհաժողովը, որուն ընթացքին ժողովականները կը քննարկեն «դաստիարակի եւ ընտանիքի դերը աշակերտներու կազմաւորման համար»։

Ուրբաթ 26 հոկտեմբերին, Յիսուսեան Միաբանութեան Գրիգորեան համալսարանին մէջ սկսան դասախօսական շարք մը ելոյթներ, որոնց նիւթն է՝ «երկխօսութեան եւ հաշտութեան հոգեւորութիւն մը»: Սոյն նիւթին շուրջ նախատեսուած են վեց ներկայացումներ, որոնք տեղի կ'ունենան համալսարանի «Իգնատիոսեան հոգեւորականութեան» կեդրոնի սրահին մէջ։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=633221


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ