Երեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2010 - Հայր Քէլէկեան եւ հայր Նորատունկեան կայքէջիս տնօրէնութեան մօտ

 

Պէյրութ

 
Հայր Յովսէփ ծ. վ. Քէլէկեան եւ հայր Գէորգ վ. Նորատունկեան կայքէջիս տնօրէնութեան գրասենեակը այցելեցին:

Հայր Յովսէփ ծ. վ. Քէլէկեան նախկին մեծաւորը Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանին, երեք տարուան իր առաքելութենէն ետք Հռոմի մէջ (2007-2010), Լիբանան ժամանած էր Հաղորդամիջոցներու համագումարին եւ Տէր Խաչիկ Պահէի ձեռնադրութեան համար Ժեզիրէի մէջ: Ան ըսաւ թէ ապա Հայաստան պիտի անցնի եւ տեղւոյն առաջնորդին՝ հայր Վահան Օհանեանին տրամադրութեան պիտի ներկայանայ սկսելու համար նոր առաքելութեան շրջան մը:

Հայր Գէորգ վ. Նորատունկեան,  Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանին նոր նշանակուած մեծաւորը, կը սկսի իր նոր առաքելութիւնը իր ետին ձգելով Մոսկուայի մեծատարած առաքելավայրը, ուր մեծ աշխատանք տարած էր հայ հաւատացեալներուն եկեղեցական կազմակերպչական մարզին մէջ: Հայր Գէորգ, որ հայր Յովսէփէն մէկ շաբաթ առաջ այցելած էր պատրիարքարանը եւ կայքէջիս տնօրէնութիւնը, մեծ խանդավառութիւն ցուցաբերած էր հաղորդամիջոցներուն հետ գործակցելու մէջ, խոստանալով գործակցութիւն մանաւանդ հոն ուր առաքելութիւններուն գործելակերպերը կը նոյնանան, այսինքն կազմաւորման մարզին մէջ:

Կայքէջիս տնօրէնութիւնը բարի առաքելութիւ կը մաղթէ հայր Յովսէփ ծ. վ. Քէլէկեանին եւ հայր Գէորգ վ. Նորատունկեանին: 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ