Ուրբաթ, 2 Յունուար 2009 - Գ.Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Մասնակցին Գաղութի Մշակութային Կեանքին

 
Լիբանան

«Պզտիկ¬Մզտիկ» մանկապատանեկան ամսաթերթի կողմէ կազմակերպուած «Անսխալ Գրենք» ուղղագրական մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գ. Հարպոյեան վարժարանի 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները: 18 միութենական ու յարանուանական հայկական դպրոցներէն մասնակցող հարիւրաւոր աշակերտներու ընդմէջէն  «Պատուոյ Յիշատակութեան» արժանացան Դ. դասարանէն՝ Լիւսի Ղարիպեան եւ Ե. դասարանէն՝ Սարին Կարապետեան:
Ազդակ օրաթերթի խմբագրատան մէջ կազմակերպուած կոկիկ հանդիսութեան մը ընթացքին, մրցանակակիր աշակերտներ ստացան նիւթական պարգեւատրումներ, ինչպէս նաեւ գր‎ական «Բագին» եւ «Կամար» պարբերաթերթերը:
Հանդիսութեան ընթացքին, խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան  գնահատելով մասնակից վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը, քաջալերեց աշակերտներու մասնակցութիւնը սոյն մրցոյթին:
Յետ հանդիսութեան, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք ներկաները մեկնեցան տուն բարձր տրամադրութեամբ, իսկ մրցանակակիրները՝ հպարտութեամբ ու ինքնավստահութեան զգացումներով տոգորուած:

ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԲԱՑԻԿՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Բարիի ու գեղեցիկի հանդէպ սէրը մարդ անհատին մօտ կը զարգանայ դպրոցական տարիներու ընթացքին: Հաւատալով այս գեղեցիկ իտէալին, Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի «Տի. Էմ. Էս. Օնլուս» Միութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած «Բարեսիրական Բացիկներ»ու Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ մեր աշակերտները, որոնցմէ բազմաթիւներ արժանացան բացառիկ գնահատումներու խլելով առաջնակարգ մրցանակներ:
Չաքըրեան Քրիսթէլ, Նատէր Սերժ, Պոյաճեան Արին, Նալպանտեան Սէրլի, Տեմիրճեան Յովսէփ, Յորդանեան Անդրանիկ, Ֆենտերճեան Լուչիանա, Ճենանեան Ռազմիկ, Քիւրքճեան Գաթիանա, Գիպարեան Շաղիկ, Թեփիրճեան Արինա, Էլ Հըլու Մելիսա, Քէօշկէրեան Յակոբ, Գանթարճեան Բերլա, Տաքէսեան Շիրակ, Նատէր Կրէյս, Աննայեան Քրիսթիան, Էլ Հըլու Վանէսա, Ուաննուս Էլիանոր, Մանուկեան Հրակ, Հաճեան Եսայի¬Վարանդ, Տեմիրճեան Ճեսիքա, Նաքքաշեան Հրայր, Կիւլտալեան Միրէյ:
«Բարեսիրական Բացիկներ»ու բացման հանդիսութեան ընթացքին, մեր վարժարանի աշակերտները ճոխացուցին երեկոյթը ներկայացնելով գեղարուեստական ճոխ յայտագրով: 10րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Նարինէ Գրիգորեան, Փաթիլ Գալէնտէրեան եւ Բեկի Պէրպէրեան «Իմ Անուշ Հայրենիք» երգը հրամցնելով, իսկ վարժարանի պարախումբը ներկայացուց «Ազգագրական Պար»մը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ