Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2013 - Պապը պահանջած է հանել իր արձանը

Հռոմ

Իտալական Vanity Fair ամսագիրը Հռոմի պապը ճանչցած է տարուան մարդ: Ըստ ամսագրի՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր 100-օրեայ պաշտօնավարման ընթացքին արդէն հասցուցած է պատմութեան համար կարեւորագոյն քայլեր ձեռնարկել:

Ի դէպ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պահանջած է հանել իր արձանը, որ այս տարուան Յունիս 29-ին կանգնեցուած էր անոր հայրենիքի մէջ՝ Պուէնոս Այրէսի տաճարին մօտ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Catholic World News-ը:

Մինչ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Քահանայապետ ընտրութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապը ծառայած է իբրեւ արքեպիսկոպոս:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ