Երեքշաբթի, 25 Մայիս 2010 - Գոյժ՝ Հայր Վրթանէս Ուլուհոճեանի


Սուրբ Ղազար, Վենետիկ

 

Մխիթարեան Միաբանութիւնը գուժէ մահը, Հայր Վրթանէս Ուլուհոճեանի, որ պատահեցաւ երկուշաբթի 24 Մայիս 2010-ին, հետ երկարատեւ հիւանդութեան, Վենետիք:

 

Հանգուցեալ Վարդապետը ծնած է Ֆրանսայի Լիոն քաղաքը 11 Մարտ 1939-ին: Ձեռնադրուած է կուսակրօն Քահանայ 1964-ին իր իմաստասիրութեան ու Աստուածաբանական ուսումները աւարտելէն ետք Հռոմի «Գրիգորեան» համալսարանին մէջ:

 

Պաշտօնավարած է Փարիզի Սամուէլ-Մուրատ վարժարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանէն ներս որպէս վարժապետ, օգնական, ուսումնապետ, ու երկար տարիներ ծառայած է սուրբ Ղազարի մենաստանին մէջ, որպէս գործակալ, եկեղեցական, վարչութեան անդամ, գրադարաապետ եւ մատակարար:

 

Բազմալեզու գրութիւններ մշակած է Հայոց պատմութեան, Մեծ Եղեռնի, հայ ծիսարանի եւ գրչութեան մասին: Իր կարեւոր աշխատանքն եղած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ շարականներու ձայնագրութիւնը, սուրբ Ղազարի աւանդական երգեցողութեամբ:

    

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը եւ կայքէջի անձնակազմը, կը ցաւակցին հանգուցեալ վարդապետին մահուան համար եւ իրենց աղօթքին կը միացնեն  իրենց խորին յարգանգի զգացումները հարազատներուն եւ Մխիթարեան Միաբանութեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ