Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 2015 - Ծէսին նուիրուած երեկոյ

 

 

Պէյրութ

8 Փետրուար 2015, կիրակի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հ.Կ.Մ.ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնը ներկայացուց Ծէսին նուիրուած գեղարուեստական եւ դաստիարակչական «Ամէն կիրակի նոյն պատարա՞գը» թատերախաղը, որուն հեղինակն է Հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան,  բեմադրիչը՝ Յարութ Հարպոյեան: Յաւարտ ներկայացման խօսք առաւ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան, որ բացատրեց Սուրբ Պատարագի խորհուրդը եւ անդրադարձաւ անոր իմաստին եւ խօսեցաւ անոր մասնակցութեան մասին: Ապա Ելոյթ  ունեցաւ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի եւ նուագակցութեամբ ժան-Բիեռ Աստիկեանի: Հանդիսութեան փակումը պահպանիչով կատարեց արհիապատիւ Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ