Ուրբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2012 - Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի հանդիսաւոր ընդունելութիւնը Լիբանանի մէջ


Պէյրութ

Ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012, կէսօրէ ետք ժամը 1.45-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետ մեծ շքախումբով ժամանեց Պէյրութի միջազգային օդակայանը, ուր տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ընդունելութիւն, ներկայութեամբ մօտ 250 պաշտօնական եւ հոգեւոր անձնաւորութիւններու, գլխաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ` զօր. Միշէլ Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ` Նապիհ Պըրրի, վարչապետ` Նաժիպ Միքաթիի եւ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներուն : Անոնց շարքին էր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս պատրիարքը: Օդակայանի էջուղիին վրայ ներկայ էին նաեւ հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 300 երիտասարդ երիտասարդուհիներ:

Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետի ընդունելութեան արտասանած իր խօսքին մէջ, Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սլէյման ըսաւ, որ  Լիբանան Առաքելական աթոռին հետ կապուած է պատմական անխախտ կապերով` անորմէ մշտապէս ստանալով զօրակցութիւն եւ օրհնութիւն: Ան բարի գալուստ մաղթեց պապին այն երկիրը, որուն վրայ ոտք դրած է Յիսուս Քրիստոս եւ որ եղած է վկայութեան վայր հրաշքներու եւ սրբագործութեանց: Նախագահը վեր բերաւ Լիբանանի քաղաքակրթական առաքելութիւնը` որպէս գիտութիւններու եւ իմաստութեան օրրան եւ տարածման միջավայր, ինչպէս նաեւ համայնքներու խաղաղ համակեցութեան օրինակ: Ան դիտել տուաւ, որ պապին այցելութիւնը յատկանշականօրէն կը զուգադիպի տօնին Սուրբ Խաչի, որ խոհրդանիշն է յարութեան եւ յաւիտենական կեանքին, մաղթելով որ անիկա լոյս եւ երանութիւն բերէ նահատակութեան եւ երկխօսութեան այս հայրենիքին:
Այս առիթով նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ պաղեստինեան հարցին, շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստիցի գաղթականներուն օժանդակութիւնը միջազգային պատասխանատուութիւն մըն է, որ պէտք է կատարուի մինչեւ այս դատին եւ միջին արեւելեան տագնապին արդար լուծումը: Սլէյման այս ծիրին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան, իր սահմանադրութեան իսկ համաձայն, կը մերժէ լիբանանեան հողին վրայ պաղեստինցիներու վերաբնակեցումը, այլ կը պահանջէ անոնց հայրենադարձութիւնը` Պաղեստին:

Իր արտասանած պատասխան խօսքին մէջ, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը, ոգեկոչումը կատարելէ ետք քրիստոնական Եկեղեցւոյ Լիբանանի ծնունդ սուրբերուն, ըսաւ, որ Լիբանանի կողմէ  հրաւէրին ընդառաջ իր կատարած այցելութեան նպատակը ստորագրելն է «Առաքելական Յորդորը»,  որ եկեղեցական կարեւոր իրադարձութիւն մըն է: Այս իրագործումին համար ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի կաթողիկէ բոլոր պատրիարքներուն, նաեւ եպիսկոպոսներուն, իրենց ներդրումին համար: Պապը դիտել տուաւ, որ իմաստութիւնը  ամենակարեւոր յատկանիշն է,  եւ մաղթեց, որ Աստուած լիբանանցիներուն շնորհէ իմաստուն սրտեր: Ան շեշտեց ամէն մէկ մարդու կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ համակեցութեան տարազը պահպանելու իրողութիւնը, որ յատկանիշներէն մէկն է Լիբանանին:

Ողջոյնի խօսքերէն ետք, քահանայապետը ուղղուեցաւ օդակայանին պատուոյ սրահը, ուրկէ մեկնեցաւ դէպի Պապական նուիրակի նստավայրը՝ Հարիսա:

Սրբազան պապին Լիբանան եռօրեայ այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ յատկապէս 2010-ին Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսէն յառաջացած «Առաքելական Յորդոր»ին ստորագրութիւնն ու յանձնումը Հարիսայի մէջ: Ան պատմական այցելութիւն մը պիտի տայ Զմմառու վանք, շաբաթ օր կէսօրին, ուր պիտի օրհնէ Ուրբաթագիրքի հրատարակիչ՝ Յակոբ Մեղապարտին արձանը, հայ տպագրութեան 500 ամեակին առիթով։ 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ