Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2013 - «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» նորատիպին ներկայացումը
Պքերքէ

Ուրբաթ, 15 նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի»  խորագրով՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին սեպտեմբեր 2012-ին Լիբանան այցելութեան նուիրուած նորատիպին ներկայացումը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ զօրավար Միշէլ Սլէյման, Առաքելական նուիրակ՝ մոնսինիոր Կապրիէլ Քաչչիա, կաթողիկէ պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները, որոնց շարքին էր Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը:

Առաքելական նուիրակը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր լիբանանցիներուն իրենց ջերմ ընդունելութեան համար՝ Սրբազան Հօր պատմական այցելութեան ընթացքին: Ան նշեց թէ այս այցելութեան ընթացքին լիբանանցիներուն ցուցաբերած միասնականութիւնը պարզեց Լիբանանի վսեմ առաքելութիւնը ի սպաս իսլամ-քրիստոնեայ համերաշխութեան ու համակեցութեան, ինչպէս նաեւ անոնց կառչումը երկխօսութեան ու ազատութեան մշակոյթին: Ան ողջունեց նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ տարբեր համայնքները, որոնք ցոյց տուին իրենց վկայութեամբ թէ Քրիստոսի առաքելութիւնը հաստատ կը մնայ Արեւելքի մէջ:
 

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ