Երկուշաբթի, 17 Մարտ 2014 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Դուք Կատարեալ Եղէ՛ք, Ինչպէս Ես Կատարեալ Եմ»…


Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր, «երկրորդ կիրակի քառասնորդաց» ունի այս խորագիրը. «Արտաքսումն Ադամայ ի դրախտէն»: Սուրբ Մատթէոսէն կարդացուած աւետարանն ունի «Դուք էք լոյսն աշխարհին», «Եկած եմ օրէնքը լրացնելու» եւ «Կատարեալ եղէք» երեք բաժինները (Մտթ. 5, 13-30), որոնք Յիսուս Քրիստոսի սրտէն ու բերնէն ուղղակի մէջբերուած խօսքերը կը փոխանցեն մեզի` իբրեւ անձ եւ հասարակութիւն:

Գիտես, մեր Աստուածային Վարդապետը, մարդաճանա՛չ, մարդամօ՛տ ու մարդասէ՛ր, միայն կ՛ուզէ մեր օգուտը, մեր բարօրութիւնը, մեր երջանկութիւնը, որուն հասնելու համար այսօր ալ կու տայ իր թելադրանքները: Անոնց «լուծը քաղցր է եւ բեռը` թեթեւ» (Մտթ. 11, 30):

«Դուք էք աղը երկրին»:

Մեր արարքներով եւ խօսքերով չկորսնցնենք մեր աղին համը, որ չթափուի ու չկոխկռտուի: Մեր բարի՛ գործով եւ մեր ազնի՛ւ խօսքով համեմենք մեր շրջապատը:

Կը յիշեցնեմ Իմաստունին խօսքը, որուն դիմաց երկիրն ու երկինքը պիտի անցնին, բայց ան կը մնայ.«Լաւ է աղը, բայց եթէ կորսնցնէ իր համը, ինչո՞վ նորէն կը համեմեն զայն… Այլեւս անպէտ կը դառնայ թէ՛ հողին, թէ՛ աղբին համար, եւ կը թափեն դուրսը: Ով որ ականջ ունի լսելու, թո՛ղ լսէ» (Ղկ. 14, 34-35):

Սուրբ Պօղոս առաքեալը կ'արձագանգէ զինքն իր մոլեռանդ կուրութենէն ազատագրած Տիրոջ սահմանումին.«Ձեր խօսքերը միշտ թո՛ղ ըլլան հաճելի` աղով համեմուած, իւրաքանչիւրին պատշաճօրէն պատասխանելու եղանակով» (Կող. 4, 6):

«Դուք էք լոյսը աշխարհին»:

Նայի՛նք մեր միջավայրին եւ անկեղծ ըլլա՛նք ընդունելու, որ մեր լոյսը աղօտ է, մեր լոյսը մարած է: Որովհետեւ «լոյսը» կ՛առնենք մե՛ր գործէն, մե՛ր խօսքէն ու մե՛ր ինքնահաւանութենէն, փոխանակ լոյսն առնելու Յիսուսէն: Անոր «լոյսը կը լուսաւորէ խաւարին մէջ» իսկ (Յվհ. 1, 5), քանի «Ան է ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով` կը լուսաւորէ ամէն մարդ» (Յվհ. 1, 9):

Արդ, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին գովերգող սրտով հայցե՛նք մեր Փրկիչէն.«Լո՜յս, Դուն ծագումն Լոյսէն, արդար Արեգակ, Հօր անճառելի Ծնո՛ւնդ` Որդի՜, արեւէն առաջ գովուած է Քու անունդ` Հօր հետ, առաւօտեան լոյսին ծագումին ատեն, ծագէ՛ Քու իմանալի լոյսդ մեր հոգիներուն մէջ»:

Այսպէս, Քրիստոսի «իմաստութեան ու յայտնութեան Հոգին… թող լուսաւորէ ձեր սրտին աչքերը, որպէսզի գիտնաք, թէ ինչպիսի՜ յոյսեր կու տայ Անոր կոչումը, փառքի ի՜նչ ճոխութիւններ ունի Անոր ժառանգութիւնը սուրբերուն մէջ եւ որքա՜ն է Անոր զօրութեան մեծութիւնը մեզի` հաւատացեալներուս համար» (Եփ. 1, 17-19), երբ յատկապէս կ՛անսանք Անոր խօսքերուն` մեզի ըսուած այսօր:

Օրինապա՛հ եղէք, ինչպէս Ես, եւ հաւատարի՛մ եղէք ամէնէն փոքր պատուիրանին մէջ, կ՛ըսէ Տէրը: Աստուծոյ կանոններն ու Եկեղեցիին օրէնքները գործադրեցէ՛ք, ինչպէս Ես գործադրեցի:

«Դուք, ուրեմն, կատարեա՛լ եղէք, ինչպէս կատարեալ է ձեր երկնաւոր Հայրը» (Մտթ. 5, 48):

Ուշադրութի՛ւն: Օրինապահութենէն ու հաւատարմութենէն քայլ մը յառաջ երթալու պահանջը մեր վրայ կը դնէ Յիսուս, որ հոգեսէր Կատարելութիւնն է: Այսօրուան եւ առօրեային համար երեք պարտաւորութիւններ կը պահանջէ մեզմէ, որ կարենանք ըլլալ համեմող աղը ու սիրաշող լոյսը, բայց մանաւանդ` կատարեալ անձը:

Առաջինն է. «Մի՛ բարկանար եղբօրդ»: Ասով կը վիրաւորես անձնականն ընկերոջդ:

Երկրորդն է` «Յիմար մի՛ կոչեր ընկերդ»: Ասով կը նախատես ընկերայինն եղբօրդ:

Երրորդն է` «Ուրացող մի՛ ըսեր եղբօրդ»: Ասով կը դատես հոգեկանն ընկերոջդ:

Զգո՜ւշ: Եթէ մեզմէ մէկը չպահէ այս երեք տէրունական պահանջները, «արժանի պիտի ըլլայ գեհէնի կրակին»: «Գեհէն» կը նշանակէ «դժոխք, սանդարամետ»:

Այսօրուան համար Աստուածային Դաստիարակին վերջին հրահանգն է.«Եթէ երթաս ընծադ նուիրելու խորանին եւ հոն յիշես, որ եղբայրդ ոխ ունի քու դէմդ, ձգէ՛ ընծադ խորանին առջեւ, գնա՛, նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ, եւ ապա եկո՛ւր, նուիրէ՛ ընծադ»:

Երեւակայե՛նք րոպէ մը, որ ընտանիքը, միջավայրը, հասարակութիւնը, կուսակցութիւնը, պետութիւնը, Եկեղեցին ու մարդկութիւնը ի՜նչ եւ ինչպէ՜ս պիտի ըլլային, եթէ գործադրէին այս հրահանգը խօսքով ու գործով, նոյնիսկ խաչով իր ուսուցումը կիրարկած Աստուածամարդուն…

Յստակ է եզրայանգումը, որ, սակայն, «մեր գործին չի գար», ինչպէս սովոր ենք ըսել մեր խօսակցութեան մէջ: Անոր «մեր գործին չգալուն» պատճառն ալ յստակ է` մեր եսասիրութիւնը, ինքնահաւանութիւնը, գոռոզամտութիւնն ու փառատենչութիւնը:

Սակայն, «դուք լեցուեցէ՛ք գութով, ողորմածութեամբ, քաղցրութեամբ, խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ:

Հանդուրժեցէ՛ք զիրար, փոխադարձ ներողամտութեամբ. եթէ մէկը միւսին դէմ գանգատ ունի, ինչպէս որ Տէրը ձեզի ներեց Քրիստոսի միջոցով, դուք ալ նոյնը ըրէ՛ք:

Ամէն բանէ վեր` սիրով լեցուեցէ՛ք. սէրը կատարելութեան զօդն է: Ասով` Քրիստոսի խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի ձեր սրտերուն մէջ. այս է նպատակը կոչին, որ ձեզ համախմբեց նոյն Մարմինին մէջ: Քրիստոսի խօսքը թող բնակի ձեր մէջ առատօրէն:

Ինչ որ ընէք խօսքով կամ գործով, զայն ըրէ՛ք Տէր Յիսուսի անունով, եւ անով գոհութիւն մատուցէ՛ք Հայր Աստուծոյ» (Կող. 3, 12-16, 17 ):

Մարիամ, Տիրամայրը, որ Աստուծոյ խօսքը լսեց ու կատարեց, մեզի թող սորվեցնէ իւրացնել իր ապրելակերպը, որ երբեք չդիպի մեզի, ինչ որ պատահեցաւ մեր նախածնողքին` «արտաքսումն ի դրախտէն»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 9 մարտ 2014


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ