Ուրբաթ, 11 Մայիս 2012 - Բանախօսութիւն Մեծ Եղեռնի 97-րդ տարելիցին


Հալէպ

Մեծ Եղեռնի 97-րդ տարելիցի ոգեկոչման միջոցառումներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն Հալէպի հայ աւետարանական «Էմմանուէլ» եկեղեցւոյ մէջ, նախաձեռնութեամբ հոգեւոր հայր Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 10-ին: Սգահանդէսի գեղարուեստական յայտագիրը կ'ընդգրկէր՝ ասմունք եւ նուագ: Օրուայ բանախօս հայր Անտոն վրդ. Թահան:Երբ Ապրիլ 24 ըսենք մենք կը յիշենք Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, ոչ միայն Ապրիլ 24-ին զայն կը յիշենք, այլ ամէն անգամ երբ մեր առջեւ կը տեսնենք որ ազգ մը կամ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուի:
Հայկական ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուքիոյ կողմէ հայերուն նկատմամբ եւ ընդհանրապէս մարդկութեան դէմ գործուած ոճրագործութիւն է:
Հայր Սուրբը հիմնական երեք գաղափարներու շուրջ կառուցեց իր բանախօսութիւնը:

1- Ճանաչում: Սփիւռքի հայերը որոնք զանազան երկիրներու մէջ կ՛ապրին, իրենց տարած աշխատանքը արդիւնք բեռաւ, եւ ահաւասիկ բաւական եւրոպական երկիրներ ճանչցան հայկական ցեղասպանութիւնը որչպէս ոճրագործութիւն հայ ժողովուրդին դէմ:
Ուրուկուէյը առաջին երկիրը հանդիսացաւ, որու խորհրդարանը 20 Ապրիլ 1965-ին ճանչցաւ ցեղասպանութեան փաստը: Այնուհետեւ Եւրոխորհրդարանը 18 Յունիս 1987-ին, Զուիցերիան 16 Դեկտեմբեր 2003-ին, Արժանդինը 1985-ին, Ռուսաստանը 22 Ապրիլ 1994-ին, Քանատայի խորհրդարանի Համայնքներու պալատը 21 Ապրիլ 2004-ին, Յունաստանը 25 Ապրիլ 1996-ին եւ Լիբանանի խորհրդանաը 11 մայիս 2000-ին: Պելճիքան 26 Մարտ 1998-ին, Սլովաքիան 30 Նոյեմբեր 2004-ին, Հոլանտան 21 դեկտեմբեր 2004-ին եւ Իտալիոյ խորհրդարանի ստորին պալատը 16 Յունիս 2000-ին ճանչցան Թուրքիոյ հայերուն նակատմամբ գործուած ոճիրը:
Ֆրանսան ճանչցաւ հայկական ցեղասպանութիւնը 29 յունուար 2001-ին:
Մեծ յոյսեր դրած էինք Միացեալ նահանգներու նախագահին վրայ որ ճանչնայ հայկական ցեղասպանութիւնը, բայց Պարագ Օպաման իր ուղերձին մէջ անգամ մը եւս զգուշացաւ «Ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելէ եւ զայն փոխարինելով «Մեծ Եղեռն» արտայայտութեամբ:
1965-ին Հայաստանին մէջ շինուեցաւ Ծիծեռնակաբերթը ի յիշատակ Ապրիլեան նահատակներուն ամենախօսուն վկան է ցեղասպանութեան:
1935-ին մեր հայ կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը իր բակին մէջ յուշարձան մը կանգնեցուց ի յիշատակ Ապրիլեան նահատակներուն:
Երջանկայիշատակ Սրբազան քահանայապետը Յովհաննէս Պօղոս Բ. 2001-ին հռչակեց Մարտինի եպիսկոպոսը Իգնատիոս Մալոյեան երանելի, ինչպէս նաեւ չ'մոռնանք 16 քահանները որոնք նահատակուեցան 1915-ին որ կը պատկանէին Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան:

2- Նահատակութիւն: եթէ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի վերապրող 4-րդ սերունդը տակաւին կը շարունակէ մնալ պահանջատէր, կը նշանակէ թէ այդ գինը վաղ թէ ուշ պէտք է վճարուի, ինչպէս կ'ըսէ Ղուկաս Աւետարանիչը «Ասեմ ձեզ, զի եթէ նոքա լռեցին, քարինքդ աղաղակեցին»:
1915-ի ցեղասպանութենէն առաջ կայ Ատանայի ցեղասպանութիւնը: Ատանան կը գտնուի Կիլիկիոյ մէջ: 1909-ին դարձաւ կոտորածներուն գլխաւոր թիրախը: Ուր գացին շուրջ 30 000 հայեր:
Իթթիհատականներու նշանաբանը «Ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն», բայց հետզետէ երեւցաւ իրենց իսկական դիմագիծը՝ բարբարոսութիւնը:
Մեր նահատակները կերտեցին պատմոթիւն մը եւ վկայեցին իրենց հաւատքը:Փառք, այն ազգին որ կը յիշէ ու կը յեշեցնէ եւ կը յարգէ իր նահատակներու յիշատակը խնկարկելով եւ հոգեհանգիստի կարգ մատուցելով անոնց:
Նահատակները մեզի ուղեկից եւ ուղեցոյց են: Անոնք ուղեկից են մեզի, որովհետեւ կ'ապրին մեզի հետ: Անոնք մեզ կ'ուղղեն, որովհետեւ փարոսներու նման կ'առաջնորդեն մեզ դէպի ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն:
1915 թուականը խորիմաստ ազդեցութիւն ձգած է Հայուն հոգիին, կեանքին եւ հոգեբանութեան վրայ:  Տակաւին հայը վար կը պահէ անոնց անմահ յիշատակը եւ կը փոխանցէ սերունդէ սերունդ, որովհետեւ մոռնալ անհնար է:
Աստուած կը ներէ մեզի մեր մեղքերը Յիսուս Քրիստոսով եւ կը ներէ երբ խոստովանինք մեր մեղքերը ու ներում խնդրենք իրմէ: Այնպէս ալ է Թուրքին պարագային ընդունելու է իր յանցանքը, ներում խնդրելու եւ հատուցում կատարելու է, որպէսզի ներում ստանայ հայ ժողովուրդէն:
         
3- Յանձնառութիւն: Այսօրուայ նահատակաց յիշատակութիւնը մեզմէ յանձնառութիւն կը պահանջէ եւ մեր վրայ կը դնէ պատասխանատութիւն յիշելու մեր նահատակներու եւ յիշեցնելու անոնց նահատակութիւնը:
Նահատակներուն հանդէպ մենք յանձնառութիւն ունինք:
Ա. Յանձնառութիւն սորվեցնելու ուրիշներուն: Առանց նահատակներուն կեանքի որակով ապրելու կարելի չէ սորվեցնել:
Բ. Յանձնառութիւն արթուն ըլլալու: Արթուն՝ մեր ազգին առաքելութեան մէջ, արթուն՝ գիտնալու թէ որու վրայ կը դնենք մեր յոյսը:
Գ. Յանձնառութիւն՝ նահատակութեան: Ընդունելու ենք թէ նահատակներէն գերադաս չենք: Անոնք միշտ մեզմէ առաջ կ'երթան:
Նահատակներուն յիշատակը մեզի համար իսկական օրհնութիւն պիտի ըլլայ երբ անոնց յիշատակը թարմ կը պահենք մեր կեանքին մէջ:
Հայր Անտոն Վրդ. Թահան ապագայի լուսաւոր տեսլականով եւ վերանորոգ ուխտով եզրափակեց բանախօսութիւըն:
Ոգեկոչման աւարտին պատուելի Սերոբ Մկրտիչեան օրուան բանախօս հայր Անտոնին յուշանուէրով մը պարգեւատրեց եւ նորօծ վարդապետին իր առաքելութեան մէջ բարի երթ մաղթեց:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ